Աւարտելէ Ետք Լիբանան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Պոկտանով Մեկնեցաւ Թուրքիա

Պոկտանով – Աուն հանդիպումէն պահ մը
Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով նախանցեալ օր շարունակեց Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Քննարկուեցան միջինարեւելեան իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Ապա Մ. Պոկտանով, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց ռուս պետական պաշտօնատարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` քաղաքական եւ ապահովական իմաստով, ինչպէս նաեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ունեցած հետեւանքները երկրին վրայ:
Հանդիպումէն ետք Պոկտանով շեշտեց լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժեմայէլ իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան կը տնքայ Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապներուն հետեւանքներուն ազդեցութեան տակ` ընդգծելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա վերադարձը հիմնական լուծում է Լիբանանի համար:
Պոկտանով այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով Մոսկուայի ունեցած ներդրումին մանրամասնութիւնները:
Քլեմանսոյի մէջ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակը շաբաթ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Պոկտանովի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպումը ջնջուեցաւ` նկատի ունենալով, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները փակած էին Սայֆիի ճամբան:
Մ. Պոկտանով երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Թուրքիա:

