Ժոմպլաթ. «Յարանուանական Ճահճացումէ Դուրս Պէտք Է Գալ` Ապահովելու Համար Լիբանանի Ապագան»

Ուալիտ Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ հովանաւորեց իր նախագահած կուսակցութեան երիտասարդական թեւին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երիտասարդներն են ապագան, եւ կուսակցութիւնը անոնց կարիքը ունի ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Պաղեստինի, ե՛ւ արաբական աշխարհին մէջ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պէտք է դուրս գալ յարանուանական ճահճացումէն` ապահովելու համար Լիբանանի ապագան:
CATEGORIES Լիբանանեան

