Ալի Պազզալի Ընտանիքը Կը Պահանջէ Մահապատիժի Ենթարկել Հմայէտն Ու Աթրաշը

Նահատակ Ալի Պազզալ

Նահատակ Ալի Պազզալ

Ալի Սէյիտէն, Մոհամետ Համիէէն, Ապպաս Մըտլեժէն եւ Ալի Քասեմ Ալիէն ետք Ալի Պազզալ դարձաւ առեւանգուած բանակայիններուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն շարքին հինգերորդ նահատակը, որ մահապատիժի ենթարկուեցաւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ:

Նահատակ Պազզալի ընտանիքը Պզալիէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կառավարութենէն պահանջեց անմիջապէս գործադրել դատական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած մահապատիժի վճիռները, որոնք կը վերաբերին լիբանանեան բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքացիներուն դէմ ահաբեկչութիւններ գործած յանցագործներուն:

Նահատակ Պազզալի հայրը կառավարութենէն պահանջեց ահաբեկիչներ Ժումանա Հըմայէտը եւ Օմար Աթրաշը մահապատիժի ենթարկել:

Պազզալի ընտանիքը իր զաւկին` Ալի Պազզալի մահապատիժի ենթարկուելուն ուղղակի պատասխանատու նկատեց շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին, որ Արսալի մէջ ծանօթ է իբրեւ Ապու Թաքիէ, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ այդ շէյխին բոլոր զօրակիցները: «Եւ նկատի ունենալով, որ Ապու Թաքիէի գտնուած վայրը ծանօթ է լիբանանեան պետութեան եւ ապահովութեան ուժերուն, ապա կը պահանջենք զայն անմիջապէս ձերբակալել», պահանջեց նահատակ ոստիկանին ընտանիքը:

Նշենք, որ Պեքաայի մէջ բանակը ամրապնդեց իր դիրքերը եւ բազմապատկեց իր ուժերուն թիւը` կանխարգիլելու համար ապահովական որեւէ հաւանական խախտում կամ վտանգ:

Պազզալի ընտանիքը իր գիւղաքաղաքին մէջ ցաւակցութիւն ընդունեց: Ցաւակցութիւն յայտնեցին ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, որ յայտնեց, թէ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային համերաշխութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է ոճրագործները պատժելուն եւ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին հետապնդումին:

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Ալի Պազզալը մահապատիժի ենթարկելը ամբողջ Լիբանանին եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է:

Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան խստիւ դատապարտեց Ալի Պազզալի սպանութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկչութիւնը արդարացնողը անոր իսկական զօրակիցն է:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ Ալի Պազզալ իւրաքանչիւր լիբանանցի ընտանիքի նահատակն է, որ Լիբանանի համար իր կեանքը զոհած է:

Աւելի ուշ հրապարակուեցաւ «Արսալի երիտասարդներ» ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ալի Պազզալի ընտանիքը շնորհաւորեց Ալիի նահատակութեան առիթով` ընդգծելով, որ ան նահատակուած է ամբողջ Լիբանանը եւ յատկապէս Արսալը պաշտպանելու ընթացքին:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Արսալ լիբանանեան գիւղաքաղաք մըն է, որ շրջափակուած է օտար զինեալներով. հաղորդագրութեան հեղինակները ընդգծեցին, որ իրենք ոչ մէկ յանցագործի կը զօրակցին:

Արսալի երիտասարդները կոչ ուղղեցին բանակին` մուտք գործելու Արսալ եւ վերջ տալու հոն տիրող քաոսին:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ ուղղուեցան Պզալիէ, ուր անոնք յայտնեցին, որ եկած են կիսելու Ալի Պազզալի ընտանիքին ցաւը եւ անոր կողքին ցաւակցութիւն ընդունելու:

Ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ նահատակ Ալի Պազզալ ամբողջ Լիբանանը կը ներկայացնէ եւ ան արաբ ազգին արժանապատուութիւնն է: Անոնք շեշտեցին, որ Ալի Պազզալ չէ նահատակուած, այլ` իրենց միջեւ կը գտնուի եւ ժողովուրդին ճակատը բարձր պահած է:

Անոնք կոչ ուղղեցին վարչապետ Թամմամ Սալամին` յանդուգն եւ քաջ որոշում մը տալու եւ իրենց վերադարձնելու իրենց զաւակները:

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները
Կը Շարունակեն Իրենց Նստացոյցը

Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք շարունակեցին Ռիատ Սոլհի վրայ իրենց սկսած բաց նստացոյցը, շարունակեցին նաեւ մագլցողական քայլեր որդեգրել եւ շաբաթ առաւօտեան ժամը 10:00-ին փակեցին մայրաքաղաք Պէյրութի հիւսիսային մուտքը, ինչպէս նաեւ Ժեմմայզէ-Կեդրոնական Պէյրութ փողոցը:

Սայֆիի մայրուղին եւս փակուեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն մարմիններով:

Անոնք կառավարութենէն պահանջեցին իրենց նորութիւններ փոխանցել իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին նպատակով կատարուող բանակցութիւններուն մասին:

Իբրեւ արդիւնք այս պահանջին,  ընտանիքներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք ընտանիքները յուսախաբութիւն յայտնեցին` պահանջելով կառավարութեան հրաժարականը եւ հաստատելով, որ իրենք յաւելեալ մագլցողական քայլեր պիտի որդեգրեն եւ ամբողջ երկիրը պիտի սառեցնեն, որպէսզի մղեն կառավարութիւնը` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը:

Ընտանիքները Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն պահանջեցին անձամբ միջամտել եւ իրենց զաւակներուն հարցը լուծել:

Իր կարգին, առեւանգուած բանակային Խալետ Մուքպելի կինը հաստատեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է ահաբեկիչներէն, որոնք հաստատած են, որ Ալի Պազզալէն ետք մահապատիժի պիտի ենթարկուի բանակի զինուորներէն Իպրահիմ Մղէյթը, ապա` առեւանգուած բոլոր բանակայինները:

Քալամունի եւ Թրիփոլիի ճամբան

հրկիզուող անիւներով եւ աւազապարկերով փակուեցաւ բանակային Իպրահիմ Մղէյթի հարազատներուն կողմէ:

Առեւանգուած Բանակայիններուն Յատուկ
Յանձնախումբի Արտակարգ Նիստ

Առեւանգուած բանակայիններուն հարցով զբաղող յանձնախումբին նիստէն պահ մը

Առեւանգուած բանակայիններուն հարցով զբաղող յանձնախումբին նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններուն յատուկ յանձնախումբին արտակարգ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատել, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:

Յանձնախումբը նշեց, որ Ալի Պազզալ Լիբանանի նահատակն է եւ ոչ միայն իր ընտանիքին:

Յանձնախումբը շեշտեց, որ ամբողջ երկիրը մէկ մարդու նման դէմ կը դնէ ահաբեկչութեան` ազատ արձակելու համար առեւանգուած բանակայինները եւ պահպանելու համար ազգային անվտանգութիւնը:

Յանձնախումբը յայտնեց, որ այս թղթածրարին իր պատասխանատուութեան շրջագիծին մէջ ինք համապատասխան որոշումներ տուած է:

Share this Article
CATEGORIES