Վարչապետը Մասնակցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Յատկացուած Ժողովին
Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցերով ուրբաթ օրուան աշխատանքային ժողովին ընթացքին խօսք առնելով, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ բոլոր ձեռնարկները, որոնք «ճամբու քարտես»-ով նախատեսուած էին իրականացնել մինչեւ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համաձայնութեան ստորագրումը, կատարուած են:
Վարչապետը յայտնած է, որ կառավարութեան եւ Հայաստանի գործարարներու եւ արդիւնաբերողներու միութեան նախաձեռնած այս հանդիպման նպատակն է գործարարներուն ծանօթացնել այն բոլոր կարելիութիւնները եւ կանոնակարգումները, որոնք կը յառաջանան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեամբ:
«Վստահ եմ, որ այսօրուան քննարկումները կ՛օժանդակեն մեր գործարարներուն` տնտեսական կապերու հետագայ զարգացման հեռանկարներու ընդարձակման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու պարզաբանման առումով», ըսած է Յովիկ Աբրահամեան:

