«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Երբեք Պիտի Չմոռցուի» Կ՛ըսէ Ուրուկուէյի Փոխնախագահը

Տանիլօ Ասթորի

Տանիլօ Ասթորի

«Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորի Հայաստան իր այցելութենէ առաջ Քարասքօ օդակայանին մէջ զրուցած է Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչին հետ` Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նպատակներուն մասին:

Ասթորի նշած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնը յաւերժ պիտի ապրի մեր յիշողութեան մէջ: Չկայ պատմութիւն կամ ապագայ` առանց յիշողութեան»:

Ան աւելցուցած է. «Յոյսով եմ, որ իմ ուղեւորութիւնս պիտի օգնէ աւելի ամրապնդելու ընկերական յարաբերութիւնները հրաշալի երկիր Հայաստանի հետ»:

Նշենք, որ Ուրուկուէյի փոխնախագահը  Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին հրաւէրով Հայաստան այցելած էր 5 դեկտեմբերին:

Ան մինչեւ հիմա Հայաստան այցելող ուրուկուէյցի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է:

Ուրուկուէյը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES