Նալբանդեան. «Ազրպէյճան Սադրանքներ Կը Կազմակերպէ` Խիստ Սրելով Լարուածութիւնը»

1204_nalbandian-speachԱզրպէյճան ոչ միայն վերացական կը դարձնէ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերը, այլ պարբերաբար սադրանքներ կը  կազմակերպէ` խիստ սրելով լարուածութիւնը, Պազըլի մէջ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` խօսք առնելով ԵԱՀԿ-ի երկիրներու  արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 21-րդ նիստին:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Նալբանդեան ընդգծած է, որ որքան քարիւղէն ստացած եկամուտները կը հարստացնեն Ազրպէյճանի պիւտճէն, այնքան աւելի շատ ռազմամթերք ձեռք կը բերէ Պաքու:

«Վերջին տասնամեակին, երբ Իլհամ Ալիեւ հօրմէ ժառանգեց իշխանութիւնը, Ազրպէյճանի զինուորական ծախսերը աւելցած են շուրջ 30 անգամ` 2015 թուականին հասնելով 4.8 երկիլիոն տոլարի: Ազրպէյճանի անհամաչափ զինուորական ծախսերը եւ զինամթերքի ձեռքբերումը իրական վտանգ կը ներկայացնեն շրջանին եւ միջազգային անվտանգութեան համար», յայտարարած է Էդուարդ Նալբանդեան:

Յիշեցնելով, որ այս տարի կը լրանայ Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ  կնքուած զինադադարի համաձայնագիրի 20-րդ տարին, Նալբանդեան նշած է. «Հակառակ միջազգային հանրութեան յորդորներուն, Ազրպէյճան ըրած է ամէն ինչ զինադադարը  խախտելու համար: Սահմանագիծին եւ  հայ – ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի իրականացուցած զինուորական գործողութիւնները յանգեցուցած են մեծ թիւով մարդկային կորուստներու եւ էականօրէն սրած լարուածութիւնը: Անցեալ տարիներուն ընթացքին մեր դիւանագիտութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահներուն հետ, ջանքեր չէ խնայած ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը գտնելու համար: Հակառակ երեք երկիրներու  բազմապատկուած ջանքերուն, անցեալ վեց տարիներուն ընթացքին կարելի չէ եղած յառաջընթաց արձանագրել, որովհետեւ  Ազրպէյճան մէկը միւսին ետեւէն մերժած է միջնորդներուն առաջարկները»:

«Հայաստան կը շարունակէ հաւատալ, որ համանախագահող երկիրներու միացեալ հինգ յայտարարութիւններուն մէջ նշուած տարրերը կրնան հիմք դառնալ խնդիրի արդար եւ երկարատեւ  լուծման համար: Մենք կը բաժնենք համանախագահող երկիրներուն դիրքորոշումը, որ այս տարրերը պէտք է ընդունուին իբրեւ մէկ միասնութիւն, եւ որ ատկէ որեւէ մէկուն նախապատուութիւն տալը կրնայ անկարելի  դարձնել խնդիրին հաւասարակշռուած լուծումը», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Share this Article
CATEGORIES