Ռուստամեան. «Այս Հանգրուանը Պէտք Է Յաղթահարել, Սրբագրել Սխալները Եւ Յառաջանալ»

1204_RusdamianՈւրբաթ, 5 դեկտեմբերին տեղի ունեցած  խորհրդարանական ասուլիսներուն ընթացքին, խօսելով Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութեան մասին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  նշած է, որ Դաշնակցութիւնը կողմ քուէարկած է այդ համաձայնութեան, որովհետեւ կը հաւատայ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ` այլընտրանքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստան պէտք է կարենայ ժամանակ շահիլ եւ սրբագրել իր սխալները, յառաջանալ:

Ըստ Ռուստամեանի, կ՛ըլլան փորձութիւններ, որոնք պէտք է կարենալ յաղթահարել: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ` ունինք Ղարաբաղի խնդիր, պատերազմական վտանգ, բացի ատկէ` աշխարհը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական նոր խորտակումներու մէջ, մասնաւորապէս` պաղ պատերազմի, երբ կ՛ընթանայ գերտէրութիւններու պայքար` ազդեցութեան գօտիները բաժնելու համար, այլ բան չի մնար, քան կողմ ըլլալ այդ համարկման:

«Ինչպէս կ՛ըսեն` թնդանօթները կ՛որոտան, մուսաները կը լռեն: Ասիկա ճիշդ այդ դէպքն է, երբ պէտք է սթափ գնահատել իրավիճակը եւ չյանձնուիլ քնարական զեղումներուն: Կը հասկնամ իմ գործընկերներս, որոնք ունէին մտահոգութիւններ, բայց չեմ կրնար ընդունիլ, որ դասեր կու տան, այն ալ` Դաշնակցութեան, որ անցած է բազմաթիւ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու վերիվայրումներով եւ տեսած է ատոր հետեւանքները: Յայտարարութիւնը ըրած եմ` այդ փորձառութիւնը ունենալով», ըսած է պատգամաւորը:

Շարունակելով հիմնաւորել Դաշնակցութեան տեսակէտները` Արմէն Ռուստամեան շեշտած է, որ  նախ եւ առաջ կայ  ֆիզիքական գոյութիւնը պահելու խնդիր: Հայաստան իրականութեան մէջ չկրցաւ  եւրոպական գործընկերներուն բացատրել, որ յարաբերական անդորրը պէտք էր օգտագործել ստեղծելու համար կայունութեան դաշինք, որուն կը խոչընդոտէին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան:

«Մեր ունեցածը այս է, եւ ֆիզիքական գոյութեան հարցը մեր գլխաւոր հարցն է: Ասոյթ մը կայ` մէկը կ՛ըսէ` պարտուեցանք, եւ ատոր համար հինգ պատճառ կար, առաջին պատճառը, որ փամփուշտ չունէինք, կ՛ըսեն` լաւ, մնացեալ  պատճառները կրնաս չթուել: Հիմա մենք անվտանգութիւնը նախնական ձեւով չենք պատկերացներ, կայ զինուորական, քաղաքական, տնտեսական, հոգեւոր եւ տեղեկատուական անվտանգութիւն, անոնց մէջ կայ գլխաւոր եւ երկրորդական անվտանգութիւն: Եթէ ֆիզիքական գոյութիւնդ չկարենաս ապահովել` ի՞նչ տնտեսական կամ այլ անվտանգութեան մասին է խօսքը: Հարցը այն է, որ տեսակը պէտք է պահել, ժամանակ շահիլ, որպէսզի սրբագրենք մեր ըրած սխալները: Ժամանակը արդիւնաւէտ չենք օգտագործած, այս հանգրուանը այսօր պէտք է յաղթահարել», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES