Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ 1988-ի Աւերիչ Երկրաշարժին 26-Ամեակը

Ե1207_artsakh-yergրէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ յարգուեցաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Օրուան ընթացքին մարդաշատ էին ինչպէս Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Մարդիկ երկրաշարժէն 26 տարի ետք դարձեալ կ՛այցելեն աղէտին զոհ գացած իրենց հարազատներուն շիրիմները` սգալու անոնց կորուստը:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Սպիտակի երկրաշարժի 26-ամեակին առիթով քաղաք այցելած հիւրերը` քաղաքական, դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորները, մարզային եւ քաղաքային իշխանութիւններու  ներկայացուցիչները անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին եւ ժամը 11:41-ին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անոնց յիշատակը:

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Տուրք`
Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

1207_yergrasharj-artsakh-2Երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբերին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն  Ստեփանակերտի յուշահամալիրը մարդաշատ էր: Յուշահամալիրին մէջ Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մարդիկ ծաղիկներ զետեղեցին: Յուշակոթող այցելեցին եւ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը:

1207yergrasharj-artsakhԸստ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի մենք պէտք է վերյիշենք 7 դեկտեմբեր 1988-ի ժամանակաշրջանը, յատկապէս անոր նախորդած ժամանակաշրջանը, այն է` փետրուարեան օրերը, արցախեան ազատագրական պայքարը, եւ այդ բոլորին մէջ այն ահաւոր ցաւը, որ կրեց մեր ժողովուրդը: «Ամէնէն գնահատելին այն է, որ նոյնիսկ այդ ծանր պայմաններուն եւ այդ կորուստի ցաւին մէջ մեր ժողովուրդը տուրք չտուաւ որեւէ ներքին խնդիրներու եւ համազգային խնդիրները առաջնահերթ էին: Մենք ոչ միայն պէտք է յիշենք ու յարգենք երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը, այլ այդ ցաւերու մորմոքման ուղղութեամբ պէտք է աշխատանքներ տանինք», շեշտած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES