ՈՒԵՖԱ . Հայաստան Տարին Աւարտեց 38-րդ Դիրքի Վրայ

ՈՒԵՖԱ-ն  շաբաթավերջին հրապարակեց եւրոպական ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու տարեվերջի ընդհանուր դասաւորումը:

Հայաստանի հաւաքականը կրցած է հաւաքել 19901 կէտ եւ այս դասաւորումին մէջ կը գտնուի 38-րդ դիրքին վրայ:

Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան Գերմանիան, որ ունի 38286 կէտ: Եռեակը կ՛ամբողջացնեն յաջորդաբար Սպանիան եւ Անգլիան:

Նշենք նաեւ Եուրօ 2016-ի զտումի խաղերուն Հայաստանի խմբակին մէջ գտնուող խումբերուն դիրքերը. Փորթուգալ` 8-րդ, Դանիա` 19-րդ, Սերպիա` 28-րդ եւ վերջապէս Ալպանիա` 35-րդ:

Share this Article
CATEGORIES