Միհրան Յարութիւնեան Դարձաւ Յունա-Հռոմէական Ոճի Խաղերու Ախոյեան

1207_Greco-RomaineՅունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, 66 քկ կշիռքի Հայաստանի ախոյեան, 25-ամեայ Միհրան Յարութիւնեան յաջող արդիւնքներ ձեռք ձգեց Ռուսիոյ Պառնաուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին ընթացքին եւ յաղթական դուրս եկաւ այս մրցաշարքէն:

6-էն 7 դեկտեմբեր, երկու օրուան տեւողութեան տեղի ունեցած այս մրցաշարքին Յարութիւնեան մասնակցեցաւ 4 խաղերու եւ բոլորին ալ շատ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեց:

Աւարտական խաղին ան մրցեցաւ 2012-ի  ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Մինկիան Սեմիոնովի երկուորեակ եղբօր` ռուս ըմբիշ Սանալ Սեմիոնովին դէմ եւ 11-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրելէ ետք դարձաւ մրցաշարքի ախոյեան:

Ըմբիշը իր այս յաղթանակէն ետք իր «ֆէյսպուք»-ի էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Մեծ յաղթանակները կ՛իրականանան քայլ առ քայլ: Կարեւոր է իւրաքանչիւր խաղի յաղթելը:

Այսօր յաղթեցի Պառնաուլի մրցաշարքին: Տակաւին շատ աշխատանքներ, նպատակներ ու յաղթանակներ կան ու պիտի ըլլան: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան կամ հաւատացած են ինծի: Շնորհակալութիւն աջակցութեան համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES