Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անցեալի պատահած ցաւալի դէպքերուն մասին մի՛ տրտնչաք: Ի շահ ձեզի` այդ էջը դարձուցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լեռը ձեզի համար իտէալ տեսարան մը պիտի ըլլայ, որ պիտի ծաղկեցնէ ձեր հոգեկան աշխարհը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ կրկնակի գործ աւելի պիտի կատարէք, որմէ շատ գոհ պիտի մնաք: Ձեր ջանասիրութիւնը պիտի գնահատուի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը այնքան բարեբեր պիտի ըլլայ, որ ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք: Պիտի ուրախանաք նիւթապէս եւ բարոյապէս:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ներաշխարհին` ուժը ամբողջ աշխարհ մը կ՛արժէ արդէն: Օրը պիտի անցնի քաջալերական դէպքերով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Առկախ մնացած հարց մը գործի պիտի վերածէք: Պիտի յաջողիք ապահովաբար: Ինքնավստահ եղէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կ՛ուզէք ամէն ինչ ընել` առանց ձեր ճկոյթը շարժելու: Ասիկա լաւ ձեւ մը չէ: Գործունեայ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գիրքերը պիտի ըլլան պատուհան մը` բացուած անծանօթ աշխարհի մը վրայ: Ուրեմն սորվելիք շատ բաներ ունիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վարչական գործի մէջ պիտի կարենաք մէկու մը յամառութիւնը չէզոքացնել: Օրուան ընթացքին յաջող գործունէութիւն պիտի ունենաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դրամական հարցի մէջ ներդրողները իրենց պարտականութիւնը պիտի չկատարեն` հակառակ ձեզի հաճելի թուացող հարցին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ցոյց տուէք, որ կարողութիւն ունիք կարգադրելու հարց մը: Ձեր կեցուածքը բանալի մը պիտի ըլլայ` յաղթահարելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզանքը կատարեալ գործունէութիւն մը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ աշխատանք մը ներկայացնելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )