Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլեզիկճեան, 1870-1899). Եւրոպական Տարողութեամբ Հայ Յեղափոխականը

Ն.

dikran-yergat_1-12-14Դեկտեմբեր 1-ին, 115 տարի առաջ, իր ծննդավայր Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, թոքախտէ հիւծուած, 29 տարեկանին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Տիգրան Երկաթը, որ իր ժամանակին Եւրոպայի տարածքին մեծ հռչակ նուաճեց` իբրեւ թրքական չարիքին դէմ համընդհանուր պայքարի դրօշակիր հայ յեղափոխական:

Հայ իրականութեան մէջ, իր կենդանութեան, այնքան մեծ չեղաւ Տիգրան Երկաթի հռչակը: Ինչպէս Գաբրիէլ Լազեան կը նշէ իր «Յեղափոխական դէմքեր»-ու երկրորդ հատորով` «Կեանքի պայմաններուն բերումով օտար մտաւորականներ աւելի կանուխէն զինք ճանչցան, իրմէ տպաւորուեցան ու զինք քաջալերեցին: Իր մահէն ետքն է, որ մեր ժողովուրդը մասամբ ծանօթացաւ անոր կեանքին: 1935-ին Աղեքսանդրիա հրատարակուեցաւ Ս. Բիւրատի կողմէ գրի առնուած կենսագրականը, բայց 1936-ին Փարիզի մէջ Լ. Կերտանն էր, որ տուաւ մանրամասնօրէն եւ գեղեցիկ վերլուծումով մը անոր կեանքը ֆրանսերէն` «Un ami oriental de Barres – Tigran Yergat» 281 էջնոց հատորով մը, ուր լայն տեղ տրուած է Երկաթի նամակներուն»:

Այսպէս, Գ. Լազեանի արժեւորումով, «օտար մշակոյթը թէեւ զօրաւոր ազդեցութիւն մը գործած է Տիգրան Երկաթի վրայ, բայց ան զգաց իր ժողովուրդին տառապանքը ու լծուեցաւ անոր ազատագրութեան պայքարին: Անողոք հիւանդութեամբ մը եթէ երիտասարդ հասակին մեռած չըլլար Երկաթ, ապահովաբար իրեն մեծ ապագայ մը վերապահուած էր հայ հանրային եւ գրական կեանքին մէջ»:

Աւազանի անունով Կարապետ Պիլեզիկճի, Տիգրան Երկաթ ծնած էր 1870-ին, Պոլիս, կաթողիկէ ու աւանդապահ հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ե՛ւ մեծ հայրը` Պօղոս Ամիրա, ե՛ւ հայրը` Գրիգոր Պիլեզիկճի նիւթապէս ունեւոր, միաժամանակ բարեպաշտ եւ ուսումնատենչ հայեր էին: Բայց ինչպէս այդ ժամանակաշրջանի Պոլսոյ հայ կաթողիկէներուն մօտ սովորութիւն էր, տան մէջ կը տիրապետէր թրքախօսութիւնը: Կարապետին մայրը եւս կը սերէր ունեւոր եւ կաթողիկէ հայ Թընկըր ընտանիքէն, կը նկատուէր իր ժամանակի Պոլսոյ գեղեցիկ ու զարգացած կիներէն մէկը, որ ամէն ճիգ թափեց իր զաւկին բարձրագոյն ուսում ջամբելու համար: Մայրը առանձին չէր այդ հոգածութեան մէջ: Նոյնպէս եւ աւելիով հոգածու էր մայրական կողմէ մեծ հայրը, որուն խնամքը անմիջական եղած էր մանուկ Կարապետին վրայ, երբ հօր` Գրիգորի վաղաժամ, 28 տարեկան հասակին մահէն ետք, մայրը իր զաւակներով վերադարձած էր իր հօր տունը:

Թընկըրները յատուկ ուսուցիչ վարձած էին Կարային (այդպէս կրճատած էին Կարապետին անունը) թրքերէն սորվեցնելու համար, իսկ ստնտուն որ հելլէնուհի մըն էր, մեծապէս օգնեց իր սանուկին, որ ծանօթանայ եւ հմտանայ յունարէնի մէջ: Բայց ծնողքը յատուկ կարեւորութիւն ընծայեցին շնորհալի իրենց զաւակին հայերէն սորվեցնելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու խնամատարութեան` այդ նպատակով մասնաւոր դասերու համար Մխիթարեան հայրերէն Մերճանեան վարդապետին օգնութեան դիմելով:

Նման բարեկեցիկ պայմաններու մէջ մեծցած եւ ուսումնական խնամքի արժանացած Կարապետը 10 տարեկանին ղրկուեցաւ Դոմինիկեան հայրերու գիշերօթիկ վարժարանը, որ կը գտնուէր Արգէոյլիի մէջ: Գիշերօթիկի միջավայրը, ուր թրքախօսութեան եւ թրքական բարքերու նկատմամբ օտարամոլութեան աստիճանի հասնող հակումը տիրական էր, շատ ծանր ազդեցութիւն գործեց եւ ընդվզումի մղեց ուսումնատենչ հայորդիին: Թէեւ 17 տարեկանին ան փայլուն նիշերով աւարտեց գիշերօթիկը, բայց մտաւորական պատրաստութեան առումով կորսուած ժամանակ նկատեց թրքաբանութեամբ անցած ուսումնական այդ տարիները: Այդ համոզումով ալ, իր ընտանիքի նիւթական հնարաւորութիւններէն օգտուելով, 18 տարեկանին ան գնաց Մ. Նահանգներ, ուր տարի մը հետեւեցաւ ամերիկեան գրականութեան դասընթացքներու եւ կատարելագործեց իր անգլերէնը:

1889-ին արդէն Փարիզ հաստատուած էր Կարապետ Պիլեզիկճի, որ դրամատան մը մէջ համեստ գործի անցնելով` իր ժամանակը լրիւ նուիրեց գրական-ստեղծագործական եւ քաղաքական-հասարակական գործունէութեան: Մօտէն ծանօթացաւ եւ մտերմացաւ ոչ միայն ֆրանսացի կամ Փարիզ հաւաքուած եւրոպացի հանրածանօթ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, այլեւ սերտ կապի մէջ եղաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի թէ Եւրոպայի միւս մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ գործող հայ յեղափոխականներու հետ: Այդ ծանօթութիւններն ու մտերմութիւնները իր առջեւ բացին էջերը ինչպէս ֆրանսական թէ անգլիական, նոյնպէս եւ Պոլսոյ հայ մամուլին, որոնց կանոնաւոր աշխատակցեցաւ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն յօդուածներով` եռաստղ ստորագրութիւնը կամ Տիգրան Երկաթ եւ «Միր-Կարօ» գրչանունները օգտագործելով: Տիգրան Երկաթ եղաւ նաեւ փնտռուած բանախօս մը, որ Արեւելքի մասին ֆրանսական ուսանող թէ մտաւորական շրջանակներու մօտ իր կարդացած դասախօսութիւններով մեծ վարկի արժանացաւ:

1893-ին Տիգրան Երկաթի համար սկսան տնտեսական դժուարութեան տարիները: Թուրքիոյ մէջ ծանրացած տնտեսական տագնապին պատճառով, Թընկըրները կորսնցուցին իրենց հարստութեան մեծ մասը, եւ Տ. Երկաթ ստիպուեցաւ Պոլիս վերադառնալ 1893-ի դեկտեմբերին: Համիտեան կոտորածներու նախօրեակն էր, Տիգրան Երկաթ կը նախազգար մօտալուտ փոթորիկը եւ սկսաւ հայ մամուլի էջերուն հանդէս գալ յեղափոխական պայքարի բոցաշունչ կոչերով, իսկ եւրոպական մամուլին ղրկեց համիտեան քաղաքականութեան հակահայ էութիւնը մերկացնող ուժեղ գրութիւններ:

Համիտեան կոտորածներուն դէմ գրչով պայքարելու բուռն շրջան մը եղաւ մինչեւ 1896-ի հոկտեմբերը երկարած տարիները Տ. Երկաթի կեանքին մէջ: Ֆրանսական մամուլին կամ ֆրանսացի մտաւորական իր ընկերներուն կողմէ պարբերաբար հրաւիրուեցաւ Փարիզ, որպէսզի դասախօսութիւններով ականատեսի եւ մասնակիցի իր վկայութիւնը տայ համիտեան չարիքին մասին: Իսկ 1896-ի օգոստոսին, երբ Դաշնակցութիւնը իրագործեց Օսմանեան դրամատան գրաւման գործողութիւնը, Տիգրանին եղբայրը` Մարտիրոս Պիլեզիկճի նոյն դրամատան պաշտօնեայ էր եւ Արմէն Գարօ ու Հրաչ Թիրեաքեան Մարտիրոսին յանձնարարեցին, որ թրքերէնով գրէ սուլթանական պալատին ուղղուած հայ յեղափոխականներուն ծանօթ ազդարարագիրը: Այդ առիթով է, որ Տիգրան Երկաթ պիտի ըսէր մօրը, թէ` «Դրամատունը մտան հերոսներու պէս, բայց պէտք էր որ օդը հանէին շէնքը, քան թէ թողէին այսպէս, առանց արդիւնքի: Եղբա՞յրս պիտի կորսուէր հոն, ի՜նչ փոյթ, Հայաստանը փառաւորուած պիտի ըլլար…»:

Յեղափոխականի այսօրինակ կերպար ու մտածող էր Տիգրան Երկաթ, որ Օսմանեան դրամատան գրաւման աւարտին Պոլիս գտնուող օտար դեսպաններուն ուղղուած յայտարարութիւն մը պատրաստեց եւ հրապարակեց` «Հայ ազգը» ստորագրութեամբ, դիտել տալով. «Հայկական դատին յաջողութեան հետ կապուած են ոչ միայն պատիւը, այլ եւ` ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը Եւրոպայի: Մեզմով պիտի բացուին իր առեւտուրին, իր ճարտարարուեստին, իր գաղափարներուն այն ճամբաները, այն դաշտերն ու այն հովիտները, որոնք բարբարոսները ամայացուցին: Նոր գործողութիւն մը պատրաստ է, որով պիտի յայտնուի մեր ազգին կենսունակութիւնը: Եթէ ներկայ զեկոյցին վրայ ձեր կողմէ որեւէ ազդու միջոց ձեռք չառնուի, պիտի տեսնէք մեզ անգամ մըն ալ մահը միջամուխ ընելու կռուին մէջ»:

Տիգրան Երկաթ առանձին չէր Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումը սաստկացնելու իր հետեւողական աշխատանքին մէջ եւ միայն յօդուածագրութեամբ չսահմանափակուեցաւ անոր պայքարը: Քաղաքական-յարաբերական գործի բնատուր կարողութիւններ ունէր եւ զանոնք ի գործ կը դնէր ի նպաստ հայկական իրաւունքներուն ազդու լոպիինկ կատարելու համար: Սերտ գործակցութեան մէջ էր մանաւանդ օրուան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Իզմիրլեան արքեպիսկոպոսին հետ, որ Համիտի դէմ իր անխոնջ բողոքներուն համար ի վերջոյ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ Կարմիր Սուլթանին կողմէ: Հալածանքի տակ առնուեցաւ նաեւ Տ. Երկաթ, որուն եւրոպական տէրութեանց մօտ կատարած դիմումներուն ու լոպիինկի կապերուն մասին իրազեկ էր սուլթանի կառավարութիւնը: Շարժումի իր ազատութիւնը կորսնցուցած` Տիգրան Երկաթ որոշեց Յունաստան` Փիրէա անցնիլ եւ հոնկէ շարունակել իր պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ: Հոկտեմբեր 1896-ին Պոլսէն իր հեռացումին եւ Յունաստան ուղեւորութեան մէջ գործնապէս օգտակար եղաւ օրուան անգլիական դեսպանատան քարտուղարը:

Այնուհետեւ երեք տարի, մինչեւ թոքախտի պատճառով վաղաժամ իր վախճանը, Տիգրան Երկաթ գործեց Յունաստանի մէջ` որոշ ընդմիջումներ կատարելով Փարիզ տուած իր այցելութիւններով: Յունաստանի մէջ ոչ միայն գործօն աջակցութիւն բերաւ 1897-ի կրետական ապստամբութեան եւ անոր հետեւող յոյն-թրքական պատերազմին, այլեւ ուղղակի անդամագրուեցաւ «Էթերիա» քաղաքական կազմակերպութեան, անոր գաղափարական եւ քաղաքական բարձրահունչ ձայներէն մէկը դարձաւ, նաեւ հետեւողական աշխատանք կատարեց յոյն եւ հայ յեղափոխականներու միջեւ մերձեցում յառաջացնելու համար («Էթերիա»-ի անունով Դաշնակցութեան ներկայացնելով գործակցութեան առաջարկներ):

Յունաստանի մէջ Տիգրան Երկաթի ծաւալած յեղափոխական աշխուժ գործունէութիւնը թափ տուաւ հայ ժողովուրդի եւրոպական դէմքին ճառագայթումին, նաեւ` մեծ ներդրում մը եղաւ հայեւհելլէն դարաւոր կապերու եւ սերտ գործակցութեան խորացման առումով:

1898-ին Տիգրան Երկաթ ձեռնարկեց նաեւ դէպի Կիլիկիա ֆրանսական զինուորական արշաւանք մը կազմակերպելու գործին, որ սակայն անաւարտ մնաց իր մահուան պատճառով:

1898-ի սկիզբէն արագօրէն վատթարացաւ Երկաթի առողջական վիճակը: Թոքախտը արագօրէն աւեր կը գործէր աննկուն յեղափոխականի մարմնին մէջ, եւ ան ստիպուեցաւ երթալ Գահիրէ` եղբայրներուն մօտ, ապաքինումի նպատակով: Եգիպտոս իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին էր, որ Տիգրան Երկաթ միացաւ Դաշնակցութեան եւ գաղափարական իր կարեւոր զօրակցութիւնը բերաւ յեղափոխական պայքարը առաւել մարտունակութեամբ յառաջ մղելու շարժումին:

1899-ի գարնան, մարմնապէս լրիւ հիւծած, Տիգրան Երկաթ վերադարձաւ Պոլիս` մօր թախանձագին դիմումներուն անսալով: Տարուեցաւ հիւանդանոց, ուր եւ աւանդեց հոգին 1899-ի դեկտեմբեր 1-ին:

ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը մարտ 1900-ի իր համարով հակիրճ մահագրութիւն մը լոյս ընծայեց հայ ժողովուրդի ինքնատիպ այս յեղափոխականին վաղաժամ վախճանումին առիթով` հետեւեալ վկայութեամբ.

«Տիգրան Երկաթի մէջ, իբրեւ մարմնացած բողոք, կար յեղափոխութեան փոթորիկը, պաշտումը դիւցազներգութիւններու, քնքուշ ժպիտով մը շրջանակուած: Մե՜ղք, որ վայրագ հիւանդութիւն մը` թոքախտը, քայքայեց այդ համակրելի եւ պատուական կեանքը:

«Մեռելոց աշխարհ»-ին մէջ, որ կը կոչուի Թուրքիա, մահուան թեւերուն տակ գերագոյն սարսուռով մը եւ համադրական վրէժի թափով մը գրեց իր վերջին լուրջ ուսումնասիրութիւնը («Revue des Revues»-ին մէջ լոյս տեսած) «Թուրքիան կրնա՞յ ապրիլ» վերնագրով:

«Ինչքան Թուրքիոյ դէմ ջղուտ եւ կորովի ատելութիւնով մը լեցուած հայրենասէրի մը երկունքը ըլլայ այդ գրուածը, անուրանալի է, որ իմաստասիրական հմտութիւնով ու խղճմտանքով աշխատասիրուած վերջին ահաւոր դատաստան մըն է. հոն վեր կը հանէ Թիւրքիան, որ իր կշտերուն մէջ կը կրէ մահուան սերմը»:

Մտաւորական հարուստ պաշարով եւ յեղափոխական անխառն էութեամբ նուիրեալ մըն էր Տիգրան Երկաթ, որ հայոց սերունդներուն պատգամեց`

«Ամէն ոք պէտք է օգնէ յեղափոխականներուն: Ես ոչ մի կուսակցութեան չեմ պատկանիր, բայց իմ չնչին լուման Դաշնակցութեան գանձանակը կը սիրէի ձգել»…

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )