Աքչամ Կոչ Ուղղած Է Չհաւասարեցնելու Ցեղասպանն Ու Զոհը

1209_AkcamՀայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած պնդումներուն:

Աքչամ սխալ կը համարէ երկու կողմերը եւ անոնց գործողութիւնները համահաւասարեցնելու նպատակով դասագիրքերուն միջոցով տարուած ջանքերը: «Նախ` ի՞նչ է 1915-ին «երկու կողմի ազգայնականներու պատասխանատուութեան մասին» թեզի նշանակութիւնը. չեմ կրնար ըսել, որ կը հասկնամ ատիկա: Թրքական ազգայնականութիւնը կը հասկնամ: Ակնյայտ է, որ նկատի կ’առնուի Իթթիհատ վէ թերաքքը կուսակցութիւնը: Սակայն որո՞նք են հայ ազգայնականները եւ ի՞նչ է անոնց մեղքը: Ի՞նչ ըրած են 1915-ին, որ Ցեղասպանութեան համար թուրք ազգայնականներուն չափ մեղաւոր եւ պատասխանատու դարձան: Ի՞նչ պէտք էր չընէին», կը գրէ Աքչամ:

Share this Article
CATEGORIES