ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԻԹԱՆԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց ներդրումները քաջալերող «Իտալ» հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Նեպիլ Իթանին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ «Իտալ»ի միջեւ գործակցութեան բարելաւման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ներդրումներուն յաւելեալ թափ տալու հեռանկարները, որպէսզի կարելի ըլլայ գործարարներու ուշադրութիւնը գրաւել եւ ճարտարարուեստի մարզին համար յաւելեալ ներդրում ապահովել:
Հանդիպումին ընթացքին կարելի եղաւ յանգիլ համաձայնութեան մը, որուն ծիրին մէջ ներդրումներ կատարելու կանոնները բարեփոխումներու պիտի ենթարկուին, ինչպէս նաեւ պիտի մշակուին աւելի արդիական օրէնքներ` համաշխարհայնացումին հետ քայլ պահելու համար:
Նախարար Սապունճեան եւ Իթանի ընդգծեցին նաեւ, որ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ անխտիր պէտք է բարգաւաճում կիրարկել եւ վերջ դնել ներքին գաղթականութեան ու արտագաղթին: