ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ամմար Հուրի, Ժամալ Ժարրահ եւ Հատի Հպէյշ, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի գործավար Մահեր Ապու Խտուտ:

Ղոսընի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը:

Ղոսըն դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շրջագիծին մէջ ծառայող սպանական զօրամասին աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այդ զօրամասին գործակցութիւնը լիբանանեան բանակին հետ:

Ղոսընի այցելուներէն եղաւ նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի:

Հանդիպումին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր քաղաքական գործունէութեան զուգահեռ լիբանանցիներուն ապրուստի եւ ընկերային պայմաններուն բարելաւումը կը նկատէ իր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Ֆ. Ղոսըն նշեց, որ կառավարութիւնը համոզուած է, որ երկրին ընկերային կայունութիւնը կ՛ամրապնդէ նաեւ երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES