«Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցելու Համաձայնագիրը Գրեթէ Պատրաստ Է» Կ՛ըսէ Խըրխըզիստանի Վարչապետը

Ճոմարթ Օթորպայեւ
«Vz. ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի վարչապետ Ճոմարթ Օթորպայեւ յայտնած է, որ իր երկիրը գրեթէ աւարտած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրի պատրաստութեան աշխատանքները:
Խըրխըզիստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը կը նախատեսուի ստորագրել 23 դեկտեմբերին:
Մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին ստորագրուած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու համար Խըրխըզիստանի յառաջիկայ քայլերուն մասին ծրագիրը:
Ներկայիս Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Մաքսային միութեան միանալու համար անհրաժեշտ օրինագիծերու թղթածրարը կը գտնուի Խըրխըզիստանի խորհրդարանին` Ժոկորքու Քենեշի մօտ:
CATEGORIES Միջազգային

