Ֆրանսա Ողջակիզումէն Վերապրածներուն 60 Միլիոն Տոլար Պիտի Վճարէ
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի մէջ ֆրանսական դեսպանատան ներկայացուցիչ Առնօ Կիյուա յայտարարած է, որ երկուշաբթի օր ֆրանսական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրած են համաձայնագիր մը` Ողջակիզումէն վերապրած մարդոց 60 միլիոն տոլար վճարելու մասին:
Այդ քայլը պէտք է ցոյց տայ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը պատմական պատասխանատուութեան սկզբունքներուն նկատմամբ: 2014-ին նշուած է Նորմանտիի մէջ դաշնակից ուժերու ցամաքահանումի 70-ամեակը, ինչ որ հաւանաբար, նոյնպէս ազդեցութիւն ձգած է փոխհատուցման մասին որոշումին վրայ:
CATEGORIES Միջազգային

