Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Պիտի Ոգեկոչուի Պոլսոյ Մէջ

1209_April24«Տուր տէ» եւ «Նախագիծ 2015» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ թուրք եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններ միասին աշխատանքի լծուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու 24 ապրիլ 2015-ին` կոչ ուղղելով, որ աշխարհի չորս կողմերէն հայեր ներկայ ըլլան: Օսմանեան ղեկավարութեան կողմէ դար մը առաջ կազմակերպուած դիտաւորեալ արշաւը պատճառ դարձաւ այդ պետութեան հայ քաղաքացիներու լայն մեծամասնութեան մահուան եւ տարագրութեան:

Թէեւ թրքական խմբաւորումներ վերջին քանի մը տարիներուն ոգեկոչական ձեռնարկներ կազմակերպած էին Պոլսոյ մէջ, սակայն «Տուր տէ» եւ «Նախագիծ 2015» ընկերակցութիւնները աշխատանք կը տանին արտասահմանէն մեծաթիւ հայերու մասնակցութիւնը ապահովելու Թուրքիոյ մէջ կատարուելիք յիշատակումին:

«Համայն աշխարհի հայերը կը հրաւիրենք եւ կը քաջալերենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հետ մէկտեղուին մասնակցելու համար Պոլսոյ մէջ կատարուելիք այս ոգեկոչական ձեռնարկներուն», ըսաւ «Տուր տէ» խմբակցութենէն Լեվենթ Սենսեվեր` աւելցնելով, որ «իբրեւ թուրքեր, մեր զօրակցութիւնը կ՛ուզենք արտայայտել հայերուն` մինչ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք այս ահռելի ոճիրի զոհերուն եւ վերապրողներուն, ճնշում բանեցնելով նաեւ մեր կառավարութեան վրայ, որպէսզի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»:

Պոլսոյ ձեռնարկներուն շարքին, ապրիլ 24-ի երեկոյեան հանրահաւաք մը պիտի կատարուի Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Յիշատակի արարողութիւն մը նաեւ տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի Հայ առաքելական գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած է Սեւակ Շահին Պալըգճըի` թրքական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր մը, որ թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուեցաւ 24 ապրիլ 2011-ին:

«Իբրեւ հայեր, Պոլիս կ՛երթանք յիշատակելու համար մեր ընտանեկան պարագաներուն վայրագ ջարդն ու աշխարհին յիշեցնելու, թէ հարիւր տարի ետք մենք տակաւին արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն կը պահանջենք թուրք կառավարութենէն», ըսաւ Սառա Լի Ուիթսըն` «Նախագիծ 2015»-ի վարչական մարմինի անդամներէն: «Մեզմէ շատերուն համար ասիկա առաջին վերադարձը պիտի ըլլայ դէպի մեր նախնիներու հողերը, ուր անոնք հազարամեակներ ապրած էին, մինչեւ իրենց սպանութիւնն ու արտաքսումը ասկէ հարիւր տարի առաջ», ընդգծեց Ուիթսըն:

«Իբրեւ թուրքեր, ճիգ կը թափենք ընդլայնելու համար տարածք մը, ուր կը վիճարկուին այն դէպքերը, որոնք տարին դէպի մեր շրջանի բնիկ հնագոյն համայնքներէն մէկուն գրեթէ ամբողջական կործանումին», աւելցուց Սենսեվեր` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք աշխարհին ցոյց տալ, որ մինչ թրքական կառավարութիւնը կրնայ տակաւին պատրաստ չըլլալ առերեսուելու այս երկրի անցեալին հետ, մենք` իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ, արդէն պատրաստ ենք»:

«Տուր տէ» քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներով զբաղող գլխաւոր կազմակերպութիւններէն է Թուրքիոյ մէջ, ու կը պայքարի ցեղապաշտութեան, ազգայնապաշտութեան եւ ատելութեան ոճիրներու դէմ: Անիկա գործիչներու ցանց մըն է, որ վերջին տարիներուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման Պոլսոյ ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ: «Նախագիծ 2015»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, բաղկացած` հայերէ, թուրքերէ եւ ամերիկացիներէ, նպատակ ունենալով լայն մասնակցութիւն ապահովել Պոլսոյ մէջ կատարուելիք ոգեկոչական ձեռնարկներուն:

«Խորապէս իմաստալից փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչել այն վայրին մէջ, ուր ոճիրները գործադրուեցան», ըսաւ Նենսի Գրիգորեան` «Նախագիծ 2015»-ի վարչական մարմինի անդամներէն: «Պոլսոյ մէջ մեր ներկայութիւնը ջնջումին ու ժխտողութեան նկատմամբ դիմադրութեան ձեւ մը պիտի ըլլայ», ընդգծեց ան:

Share this Article
CATEGORIES