Տինքի Գործով Նոր Պաշտօնեայ Պիտի Հարցաքննուի

1209_DinkԹրքական «Սէօզճիւ» պարբերականը կը գրէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան առնչուող պաշտօնեաներու` դէպքէն տեղեակ ըլլալու եւ զայն չկանխարգիլելու հարցերով քննութիւնը կը շարունակուի:

Քննութիւնը կատարող Պոլսոյ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու վարչութեան ղեկավար Եուսուֆ Հաքքը Տողան երկուշաբթի իբրեւ կասկածեալ հարցաքննութեան կանչած է ոստիկան Պահատիր Թեքինը: Վերջինս իրեն ուղղուած մեղադրանքները չ՛ընդունիր:

Հարցաքննութեան կանչուած է նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան պետ Ռեշաթ Ալթայ: Վերջինս յաջորդ շաբաթ ցուցմունք պիտի տայ Թուրքիոյ արդարադատութեան պալատին մէջ:

Կ՛ենթադրուի, որ զայն հարցաքննութեան կանչած են Տինքի գործով ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Եասին Հայալի տուած ցուցմունքին հիման վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES