«Ռուսական Երկաթուղիներ»-ը Կը Դադրեցնէ Գնացքներու Հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանի Եւ ԱՊՀ Այլ Երկիրներու Հետ
«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան «Դաշնակցային ուղեւորատար ընկերութիւն» դուստր կազմակերպութիւնը 14 դեկտեմբեր 2014-էն կը դադրեցնէ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուքրանիոյ սպասարկումը:
Պաշտօնապէս այս որոշումը կը բացատրուի «այս երկաթուղիներով փոխադրումներու ցած եկամտաբերութեամբ»: Դադրեցումը պիտի տեւէ մէկ տարի: Կը նշուի նաեւ, որ ընկերութիւնը նպատակ ունի այդ ընթացքին այդ ուղղութեամբ պատշաճեցումներ կատարել:
Ընկերութենէն յստակացուցած են, որ գնացքներու երթուղիներուն դադրեցումը չէ վերաբերած Պիելոռուսիոյ, Մոլտովային, Ուզպեքիստանին եւ Աբխազիոյ:
CATEGORIES Միջազգային

