Հանդիպում «Պի.Պի.Սի.»-ի Լրագրող Էւա Տատրեանի Հետ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

DSC09746«Պի.Պի.Սի.»-ի ափրիկեան հարցերու լրագրող Էւա Տատրեան չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին, այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ինչ որ մեզի առիթ ընծայեց անոր հետ հետաքրքրական զրոյց մը ունենալու:

Տատրեան, որ ծնած է Եգիպտոս, մանկութեան տարիքէն սիրած է գրել ու ճամբորդել. այդ պատճառով ալ ընտրած է այդ երկուքը միատեղող լրագրողի ասպարէզը: Ան Լոնտոնի տնտեսագիտութեան համալսարանը աւարտելէ ետք, 1983-ին մուտք գործած է լրագրութեան ասպարէզ` միանալով «Պի.Պի.Սի.»-ի ընտանիքին եւ իր առաջին աշխատանքը կատարած է Սուտանի մէջ, ուր Տարֆուրի հարցը նոր սկսած էր: Իր գործիՆ բերմամբ ան յաճախ աշխատած է ափրիկեան տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս` Ուկանտայի, Եթովպիոյ եւ Էրիթրիոյ մէջ, մասնաւորաբար` ընդդիմադիր ուժերու մօտ, ինքզինք երբեմն գտնելով վտանգաւոր կացութիւններու մէջ: Իբրեւ վկայութիւն` ան տողերուս հեղինակին ցոյց տուաւ դաստակին վրայ սպի մը, որ մնացած է Չատի մէջ զինուորէ մը ստացած դանակի հարուածէն: Ան 2011-էն ի վեր կ՛աշխատի «Արաբական գարուն»-ի թատերաբեմերէն Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ:

Խօսելով հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման մասին` ան ըսաւ, որ անոնք թեքնիք գետնի վրայ դրական ազդեցութիւն ունեցած են, որովհետեւ արդիական փոքրիկ սարքերուն շնորհիւ կարելի է որեւէ տեղէ արտաքին աշխարհին հետ կապ հաստատել եւ տեղեկատուութիւն կատարել: Տողերուս հեղինակին այն հարցումին, թէ տեղեկատուութեան արագ հոսքը չէ՞ ազդած տեղեկատուութեան բովանդակութեան ու անոր վերլուծութեան որակին, Տատրեան պատասխանեց, որ «Պի.Պի.Սի.»-ն յատուկ ոճ մը ունի, եւ լրագրողը պէտք է ատոր հետեւի, սակայն բնականաբար արագութեան պատճառով ճնշուածութիւնը շատ է, իսկ այժմ ելեւմտական դժուարութեանց պատճառով «Պի.Պի.Սի.»-ի մէջ կատարուած անձնակազմի կրճատումներուն պատճառով աշխատանքի բեռը եւս ծանրացած է:

Պատասխանելով քաղաքական լուրերու պարագային քարոզչութեան եւ տեղեկատուութեան գոյութեան մասին հարցումի մը` Տատրեան յայտնեց, որ «Պի.Պի.Սի.»-ի մօտ գոյութիւն ունի այն ուղեցոյցը, որ լրագրողը պէտք է անկողմնակալ եւ առարկայական մնայ: Ան նշեց, որ «Պի.Պի.Սի.»-ն նաեւ չի քաջալերեր, որ հարցի մը քաջածանօթ չեղող լրագրող մը այդ հարցին մասին տեղեկատուութիւն կատարէ, եւ այդ մէկը «Պի.Պի.Սի.»-ի օրէնքներէն մէկն է:

Տատրեան աւելցուց, որ Իրաքի պատերազմէն ի վեր միջազգային լրատուութեան մարզը շատ փոխուած է. կառավարութիւններու կողմէ լրատուամիջոցներու վրայ շատ վերահսկողութիւն կայ եւ կառավարութիւնները կը գանգատին եւ ճնշումներ կը գործադրեն, որպէսզի լրատուամիջոցները աւելի քարոզչութիւն կատարեն: Ան ըսաւ, որ այդ կացութիւնը գոյութիւն ունի ամէն տեղ` ըլլայ Ֆիճիի մէջ, ըլլայ Նիւ Եորքի մէջ, սակայն մանաւանդ` Երրորդ աշխարհի մէջ: Տատրեան նշեց.«Անկողմնակալ մնալը դժուարացած է եւ այդ անկողմնակալութենէն ձերբազատելու համար ճնշումներ կը գործադրուին, որովհետեւ կառավարութիւնները ճշմարտութենէն կը վախնան եւ թափանցիկութիւն չեն ուզեր»:

Պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ «Պի.Պի.Սի.»-ի ծրագիրներուն մասին հարցումի մը` ան ըսաւ, որ առայժմ այդ ուղղութեամբ որեւէ բան չկայ, սակայն ինք այդ հարցով կը խօսի պատասխանատուներուն հետ: Ան տողերուս հեղինակին յայտնեց, որ իր մայրն ու մեծ մայրը մուսատաղցի են, եւ երբ լեռը բարձրացած են, անոր մայրը երեք տարեկան եղած է: Այդ պատճառով ալ Տատրեան այժմ կ՛ուզէ Մուսա Տաղի հերոսամարտի սեպտեմբեր 2015-ին զուգադիպող հարիւրամեակին առթիւ վաւերագրական կարճ ժապաւեն մը պատրաստել: Ան յայտնեց, որ մեր հանդիպումէն մէկ օր առաջ արդէն «Պի.Պի.Սի.»-ի պատասխանատուներէն ստացած է իր Լոնտոն վերադարձին այդ հարցին մասին խօսելու պատրաստակամութեան մասին «ուրախ լուրը»: Զրոյցի աւարտին ան տողերուս հեղինակին յայտնեց, որ այժմ կը գրէ Մուսա Տաղի եւ իր մեծ մօր մասին գիրք մը, որ հաւանաբար «Լեռը եւ կին մը» խորագիրը կրէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )