ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկէն Լաւաշը Դուրս Հանելու Ազրպէյճանական Փորձերը Ձախողեցան

1203lavashՀայաստանի ազգագրագէտները անդրադարձած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ լաւաշը մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութիւն նկատուելու հանգամանքին եւ Ազրպէյճանի փորձին` զայն տուեալ ցանկէն հանելու, հաստատելով, որ ան յաջողութեան չէ հասած, բայց եւ այնպէս հոս պիտի չաւարտի պայքարը. ուստի պէտք է պատրաստ ըլլալ նոր փորձեր դիմակալելու:

Նշենք, որ նոյեմբերի աւարտին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յայտարարած էր հայկական լաւաշը մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ընդգրկելու մասին, անկէ ետք Ազրպէճան բազմաթիւ խողովակներ օգտագործած էր որոշումը վերատեսութեան ենթարկել տալու համար, նոյնիսկ լրատուամիջոցներով յայտարարած է, որ անիկա ցանկին մէջ ներառուած չէ:

«Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանում» դիմումը, զոր Հայաստան միջազգային կառոյցին ներկայացուցած էր 2013 թուականին, անցած էր բոլոր հանգրուանները եւ արժանացած` դատական կազմին համաձայնութեան:

1210_atelierchristine«Լաւաշը մեր մշակութային տարրն է, մենք մեր մշակոյթին տէր կը կանգնինք», 2 դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատած է ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սուրէն Հոբոսեանը` յորդորելով լաւապէս պատրաստուիլ դրացի Ազրպէյճանին «կազմակերպուած եւ դաժան» պայքարին:

Ըստ ազգագրագէտին, թէեւ Հայաստանի դրացի բոլոր երկիրներուն մէջ ալ լաւաշի նման հաց կայ, եւ նման հաց կը թխուի նաեւ արաբական երկիրներուն, նոյնիսկ Հնդկաստանի մէջ, սակայն հայկական «լաւաշը իր ձեւով բացարձակ ինքնատիպ է»:

«Կրնայ ըլլալ վրացացած, թրքացած, պարսկացած հայերն են, որ լաւաշը մտցուցած են մեզի դրացի ազգերու մշակոյթին մէջ», ըսած է Ս. Հոբոսեան` աւելցնելով, որ լաւաշի հայկականութիւնը կ՛ապացուցուի մեծ տարածուածութեամբ եւ բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ թոնիրի առկայութեամբ:

«Առանց թոնիրի Հայաստանի մէջ տուն չկար: Թոնիր միայն հայերը ունին եւ իջեցուցած են յատակի տակ` 1-1.5 մեթր խորութեամբ, որովհետեւ վառելանիւթ շատ չէ եղած: Իսկ, օրինակ, վրացիներունը գետնէն աւելի բարձր է, որովհետեւ անոնք աւելի շատ վառելիք ունին», նշած է ազգագրագէտը:

Ս. Հոբոսեան ցաւալի նկատած է այն, որ այսօր լաւաշը Հայաստանի մէջ կը կորսնցնէ իր ժողովրդականութիւնը. «Մենք աշխարհին կ`ապացուցենք, որ լաւաշը մերն է, բայց այս մէկը աշխարհին հետաքրքրական չէ, մենք պէտք է մեր երկրին մէջ զայն օգտագործենք, սակայն ափսոս, որ վաճառուող արագ սնունդը դուրսէն ներմուծուած է, ինչպէս` շաուրմա, խաչապուրի եւ այլն»:

Հայկական աւանդական խոհանոցի ջատագով, հաղորդավարուհի Սոնիա Թաշճեանի կարծիքով, պէտք է ըստ արժանւոյն տէր կանգնիլ հայկական արժէքներուն, լաւապէս ներկայացնել զանոնք եւ անոնց կրողը ըլլալ:

«Մենք հարիւրաւոր տարիներ օգտագործուող բաղադրատոմսեր ունեցած ենք լաւաշի կիրառմամբ, սակայն այսօր չենք պատրաստեր: Վանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ սեղանին մոթալ պանիր կար, եւ այդ մէկը մենք մեր ճաշարաններէն որեւէ մէկուն մէջ հիւրերուն չենք ներկայացներ», լրագրողներուն ըսած է Ս. Թաշճեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )