Դամասկոսի Համալսարանի Նախագահը Բացումը Կը Կատարէ Հայկական Մշակութային Օրերուն` Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ
Համագործակցութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի Համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական մշակութային օրերուն` «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի կազմակերպած «Լեզուներն ու քաղաքակրթութիւնները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ Պարսկական եւ Ռուսական մշակութային օրերը:
Ներկայ էին Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտին, Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Խալետ Հալպունի, համալսարանի բաժիններու տնօրէններ, Իրանի եւ ռուսական մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ, դասախօսներ, ուսանողներ եւ բազմաթիւ հետաքրքրուողներ:
«Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի նախագահ դոկտ. Մեյսաա Սիուֆի Հայկական մշակութային օրերը բացուած յայտարարեց, իսկ Հայկական բաժինի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի պատասխանատուներուն` հայերէն լեզուի ներարման համար եւ շեշտեց մշակոյթներու բազմազանութեան կարեւորութիւնը:

Նախ ներկայացուեցաւ Հայաստանի մատենադարանին մասին կարճ ժապաւէնը, ապա հրաւիրեցուաւ ՀՀ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը` դասախօսութիւն կարդալու «Հայաստանը արաբ իսլամական պատմութեան մէջ» վերնագիրով: Ան անդրադարձ կատարեց Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն եւ արաբ պատմագիրներու ու աշխարհագիրներու դերակատարութեան:
Դեսպան Փոլատեան յոյս յայտնեց, որ հայկական մշակութային օրերը առիթ պիտի հանդիսանան հայ-սուրիական յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Ապա ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտիի եւ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանի ձեռամբ:
Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան արաբերէն լեզուով գիրքեր, Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի հրատարակութիւններ, հայկական տարազներ, Հայաստանի մասին լուսանկարներ, մատենադարանին մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ եւ արաբերէն լեզուով ձեռագիրներու նմուշներ:
Առաջին օրուան օրակարգին մէջ ներկայացուեցան Արեւելագիտութեան մասին ճանաչողական ժապաւէն եւ Սուրիական պատկերասփիւռի կայանի պատրաստած «Հայաստանը` երէկ եւ այսօր» ժապաւէնը:
Յիշենք, որ հայկական մշակութային շաբաթը կ՛ընդգրկէ հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի մասին դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային նմուշներու ցուցահանդէս:

