1600 Անձ Անջատած Է Հեռաձայնը` Բողոքելով Արցախը «Ռոմինկ»-ի Գօտի Համարելուն Դէմ

10348294_747475171987740_3157879920104287119_n«Ո՛չ ռոմինկին» դիմատետրեան նախաձեռնութեան անդամները 1 դեկտեմբերին մէկ օրով անջատած են հեռաձայնները` իբրեւ բողոք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող «ռոմինկ»-ի բարձր գիներուն:

«Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է նախաձեռնութեան անդամ, շարժապատկերի բեմադրիչ Արշակ Զաքարեան:

«Կը կարծեմ, թէ այս նախաձեռնութեան շատ աւելի մեծ թիւով մարդիկ միացած են, քան` Դիմատետրի էջին վրայ արձանագրուած 1600-է աւելի քաղաքացիները, կէս գիշերէն հեռաձայնները անջատած ենք մինչեւ յաջորդ օրը ժամը 00:00», ըսած է ան:

Արշակ Զաքարեան համոզուած է, որ իրենց պայքարը ոչ անմիջապէս, սակայն ժամանակի ընթացքին արդիւնք պիտի տայ, եւ սակերը պիտի նուազին:

«Ակնկալութիւնները հետզհետէ իրականութիւն կը դառնան, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը կ՛աշխատի գիծերուն առնչութեամբ, արդէն 10 օրէն աւելի է` «Պիլայն»-ը նոր համաձայնագիր կնքած է «Ղարաբաղ թելեքոմ»-ին հետ, որով որոշակի փոփոխութիւններ կատարուած են սակերուն մէջ: Կարեւորը հետեւողական ըլլալն է եւ` ճամբուն կէսին չհրաժարիլ կամ չյուսահատիլ: Իսկ եթէ կը կարծենք, թէ մեր բողոքի յաջորդ օրն իսկ Արցախի մէջ «ռումինկ» պիտի չըլլայ, ապա առնուազն հեքիաթներու կը հաւատանք, ատիկա մէկ օրուան աշխատանք չէ», դիտել տուած է նախաձեռնութեան անդամը:

Արշակ Զաքարեան նշած է, որ իրենք հետեւողականօրէն պիտի շարունակեն պայքարը, պիտի կազմակերպեն բողոքի նոր շարժումներ:

Share this Article
CATEGORIES