Եւրոպական Միութիւնը Մտադիր Է Արագացնել Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութիւնը

Եոհանես Հան

Եոհանես Հան

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը պիտի արագացուի:

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Հան մասնաւորաբար ըսած է, որ նոր Եւրոպական յանձնաժողովը եւ անոր անդամները կարելի ամէն բան պիտի ընեն այդ մուտքը արագացնելու համար:

Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական բանակցութիւնները սկսած էին 2005-ին: Մինչեւ հիմա կողմերը սահմանած են 35 կէտեր, զորս Թուրքիան պէտք է բաւարարէ Եւրոպական ՄԻութիւն մուտք գործելու համար:

Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը Թուրքիա կ՛այցելէր Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութիւն մուտքի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու հարցերը քննարկելու համար` Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու ջերմացման լոյսին տակ:

Share this Article
CATEGORIES