Տոհայի Վեհաժողովը Սուրիոյ Ճգնաժամի Քաղաքական Լուծումի Մը Հասնելու Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

1209_GCCԾոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Ծոցի 35¬րդ վեհաժողովի աւարտին յայտարարեց, որ վեհաժողովը համաձայնութիւն գոյացուցած է մաքսային միութեան հաստատման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու շուրջ, իսկ միացեալ դրամանիշի որդեգրման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին:

Խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնած է ապահովական գետնի վրայ արձանագրուած ձեռքբերումներուն համար եւ հաստատած, որ խորհուրդի անդամ երկիրները ամէնուրեք կը կանգնին ահաբեկչական սպառնալիքներուն դէմ: Ան նշեց, որ խորհուրդը շեշտած է Սուրիոյ ճգնաժամի` «Ժընեւ¬1»¬ի հաղորդագրութեան հիմամբ քաղաքական լուծումի մը հասնելու կարեւորութիւնը:

Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա իշխանը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին կողքին կը կանգնինք, իսկ ահաբեկչութեան կանխարգիլումը զայն դարմանելէն լաւ է»:

Share this Article
CATEGORIES