Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Էխհորեսթն Ու Շէյխ Ռաֆիհին

1209_Abbas Ibrahim-EichhorstԸնդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ միջազգային հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES