Զօր. Քահուաժի Ֆլեչըրի Հետ Քննարկեց Սահմանապահ Ուժերուն Զինումը

Ֆլեչըր եւ զօր. Քահուաժի

Ֆլեչըր եւ զօր. Քահուաժի

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին մատուցուած օժանդակութեան համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Բրիտանիոյ կողմէ լիբանանեան սահմանապահ ուժերուն զինումին, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրուած սարքերուն վերաբերող հարցեր:

Ֆլեչըր հաստատեց, որ Լոնտոն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն բարելաւումին` ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին եւ Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն: Քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ բանակին միջեւ ընթացող փոխադարձ գործակցութիւնը` պաշտպանելու համար լիբանանեան տարբեր շրջանները եւ պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES