Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Դեսպան Քոչարեան եւ Ռայի պատրիարքը
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Դեսպան Ա. Քոչարեան Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն մանրամասնութիւններուն մասին:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ եկեղեցւոյ` յառաջիկայ տարի Հայաստան այցելելու հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Քոչարեան եւ Ռայի պատրիարքը ընդգծեցին Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւններուն ներկայ բարձր մակարդակը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան ունեցած կարեւոր եւ կառուցողական դերակատարութիւնը` Լիբանանի բարգաւաճման իմաստով:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները եւ արձանագրուող շրջանային զարգացումները:
Դեսպան Ա. Քոչարեան Ռայի պատրիարքին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք մը:

