«Թաէֆի Համաձայնագիրը Չի Գործադրուիր, Հետեւաբար Ան Չի Կրնար Գոյատեւել» Ըսաւ Զօր. Միշել Աուն

1619614_798428386894563_1185826606432446919_nՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան վերադարձէն առաջ փորձած են զինք համոզել, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք վերադառնայ Պէյրութ, իսկ երբ Պէյրութ հասած է, իր դիմաց փակուած են ընտրական դաշինքներ գոյացնելու բոլոր դռները:

«Ընդհակառակն` մենք մերժեցինք այդ մէկը եւ մասնակցելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն ստացանք քրիստոնեայ համայնքին մեծամասնութեան քուէն եւ ապա անցանք կառավարութեան կազմութեան, որ կատարուեցաւ քինախնդրութեան մօտեցումով, մինչդեռ մենք կը ցանկայինք կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ 2005-ին իրենք ներկայացուցած են մեծ թիւով օրինագիծեր, որոնք տակաւին կը մնան դարակներու մէջ:

Ան աւելցուց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը չի գործադրուիր եւ խորհրդարանին կամ պետական պաշտօններուն պարագային հաւասարութիւն գոյութիւն չունի, համագործակցութիւն գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ չկայ ընտրական օրէնք մը, որ կը յարգէ Ազգային ուխտը: «Ի՞նչ կը սպասենք, եթէ այս բոլորը սրբագրելու մտադիր չենք», հարց տուաւ զօր. Աուն: Ան հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը չի կրնար գոյատեւել, որովհետեւ անիկա չի գործադրուիր:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ իրենց համար հարցը հանրապետութեան նախագահի անձին ընտրութիւնը չէ, այլ` հանրապետութեան պահպանումը: «Այս առումով կրնամ ոեւէ մէկուն հետ բանակցիլ, այլապէս կը մնամ նախագահական ընտրութեան պայքարին մէջ, մերժելով նախագահական ընտրութեան առումով կատարուող արտաքին միջամտութիւնները», ընդգծեց Աուն:

Ասուլիսին աւարտին զօր. Աուն շեշտեց, որ ինք կ՛ողջունէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, եթէ ան կը փափաքի Ռապիէ այցելել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES