Վարչապետ Սալամ – Մոկերինի Հանդիպում

Մոկերինի եւ վարչապետ Սալամ

Մոկերինի եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Պէյրութ:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մոկերինի հաստատեց, որ Լիբանան կրնայ շրջանին մէջ մշակութային պատգամի երկրի վերածուիլ եւ այդ իմաստով կրնայ Պրիւքսէլի զօրակցութեան արժանանալ:

Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը քաջ գիտէ, թէ Լիբանան կը դիմագրաւէ դժուար հանգրուան մը` անոր սահմանային ու ներքին մարտահրաւէրներուն պատճառով եւ Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք: Մոկերինի նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի զօրակցութեան:

Ան աւելցուց, որ ինք վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է Լիբանան ժամանած սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակելու գործնական ձեւերը, ինչպէս նաեւ երկրին ներքին ապահովութիւնը:

Մոկերինի ողջունեց վարչապետ Սալամի կառավարման ձեւերը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընտրելու իրենց հանրապետութեան նախագահը:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ նշուեցաւ, որ կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթներով պետական հաստատութիւնները եւ քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան հինգշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2014-ին եւ հինգշաբթի, 1 յունուար 2015-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES