Ժոմպլաթ Այցելեց Առեւանգուած Բանակայիններու Ընտանիքներուն, Իսկ Շէյխ Ռաֆիհի Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակցութիւնները Վերսկսելու
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի այցելեց Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ իր կեցուածքները յստակ են այնպէս, ինչպէս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքները, որոնց հիման վրայ պէտք է առանց նախապայմանի փոխանակում կատարել եւ փրկել առեւանգուած բանակայինները:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք համաձայն է, որ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը բանակցի բանակայինները առեւանգող կողմերուն հետ` փոխանակում կատարելու համար: Ան աւելցուց, որ ինք յետմիջօրէին պիտի ընդունի Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ մանրամասնօրէն պիտի քննարկէ այդ թղթածրարը:
Նշենք, որ Արսալի շէյխերէն Մուսթաֆա Հուժէյրի (Ապու Թաքիէ) յայտնեց, որ ինք այլեւս պիտի չմիջնորդէ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կ՛արգելակէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
Մաշնուք Ընդունեց Շէյխ Ռաֆիհին
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Ռաֆիհի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Արսալի լեռնային շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալներուն խոստանալու, որ այսուհետեւ ոչ մէկ բանակային պիտի սպաննեն, պայմանաւ որ բանակցութիւնները շարունակուին` ինչ ալ ըլլան պայմանները, որպէսզի այս թղթածրարը բարի աւարտ ունենայ:
«Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յանձնառու կը մնայ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքին, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է իսլամական բանտարկեալները Ռումիէի բանտէն ազատ արձակելու: Արգելափակեալները անիրաւուած են, իսկ բանակայինները` առեւանգուած, հետեւաբար անոնք պէտք է ազատ արձակուին: Այս նպատակով կ՛առաջարկենք բանակցութիւնները զերօ կէտէն վերսկսիլ: Մենք վստահ չենք, եթէ այս իմաստով մեզի դերակատարութիւն պիտի վստահուի, սակայն մենք ընդառաջեցինք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն», ըսաւ ան:
Շէյխ Ռաֆիհի նշեց, որ իրենք տակաւին զինեալներուն հետ չեն խօսած, իսկ լիբանանեան պետութիւնը իրենց բանակցելու իրաւունք չէ շնորհած, սակայն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք իրենց համար յստակ դարձած է, թէ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է բանակցելու:

