Եւրոպական Ներդրումային Դրամատունը 50 Միլիոն Եւրոյի Վարկ Կը Տրամադրէ Հայաստանի
Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան միջեւ ստորագրուած է 50 միլիոն եւրոյի վարկային համաձայնագիր` հայկական փոքր եւ միջին գործարարութիւններու տարբեր ծրագիրներ ֆինանսաւորելու համար:
Ըստ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան մամլոյ ծառայութեան, վարկային միջոցները պիտի տրամադրուին հիմնականին մէջ գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն:
«Ասիկա Եւրոպական ներդրումային դրամատան կողմէ Եւրոպական միութեան արեւելեան գործակցութեան շրջանին մէջ կեդրոնական դրամատան մը տրամադրուած առաջին վարկն է: Մենք հպարտ ենք այս նորարար գործակցութեան համար, որ կը նպաստէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ զանազանութիւն ներմուծելու», նշած է Եւրոպական ներդրումային դրամատան փոխնախագահ Վիլհելմ Մոլթերեր:
CATEGORIES Հայկական

