Պոլսահայ Մտաւորական Սեւան Նշանեան Բանտին Մէջ Օսմաներէն Բառարան Կը Կազմէ
Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան նոյնիսկ ազատազրկման պայմաններուն մէջ չի դադրիր իր գիտական գործունէութենէն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Հուրրիյէթ» պարբերականը, Նշանեան Ալիաղայի բանտին մէջ օսմաներէն բառարան կը պատրաստէ: «Օրական 6-7 ժամ կ՛աշխատիմ բառարանիս վրայ: Որեւէ բառի` թրքական բնագիրներու մէջ գտած հնագոյն օրինակը կը ներառեմ բառարանիս մէջ», նշած է պոլսահայ մտաւորականը:
Սեւան Նշանեան ծնած է 1956 թուականին Պոլսոյ մէջ:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պանկալթը թաղամասի հայկական Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Ուսանած է Միացեալ Նահանգներու Եէյլի եւ Քոլումպիոյ համալսարաններուն մէջ: Գտնուելով աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` իր յուշագրութիւնները յանձնած է թուղթին եւ գիրքեր հրատարակած: 1996 թուականին հաստատուած է Շիրինճէ գիւղը, հիմնած է պանդոկ:
Բանտարկութեան պատճառ հանդիսացած է այն, որ ան իր հողամասին մէջ կառուցած է մէկ յարկանի տնակ մը, որ կը նկատուի «ապօրինի շինարարութիւն»: Թրքական դատարանը Սեւան Նշանեանը 12 դեկտեմբեր 2013-ին դատապարտեց երկու տարուան բանտարկութեան: Ան տակաւին բանտ կը գտնուի: Տարբեր մտաւորականներու մասնակցութեամբ հիմնուած է Սեւան Նշանեանին աջակցող կոմիտէ:

