Դաւիթաշէնի Մէջ Սուրիահայերու Համար Շէնք Կը Կառուցուի

1209_tavtashen-2Սուրիահայերուն աջակցելու համար ստեղծուած «Օգնի՛ր եղբօրդ»  հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Դաւիթաշէն համայնքին մէջ բազմաբնակարան շէնք կը կառուցուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր մետիա» կայքը:

Պատերազմի հետեւանքով հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայերուն համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքի` ամիսներ առաջ սկսած շինարարական աշխատանքին զուգահեռ, հիմնադրամի անդամները կը լուծեն նաեւ իրաւական հարցերը, շահառուներուն հետ կը կնքուին համաձայնագիրներ` հետագայ խնդիրներէն խուսափելու համար:

«Իրաւական հարցերը լուծուած են, կը գործէ ճկուն գնային քաղաքականութիւն», ըսած է հիմնադրամի ելեւմտական  պատասխանատու Հայկուհի Նալպանտեան:

Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեան կը վստահեցնէ` այս շէնքը հայրենիքի մէջ ապրող սուրիահայերու փոքր մէկ մասին կացութեան խնդիրի լուծումն է: Իրենք ըստ ժամանակացոյցի կ՛աշխատին, բայց այս հարցով անհրաժեշտ է նաեւ դուրսը ապրող մեր հայրենակիցներուն աջակցութիւնը: Այս պահու դրութեամբ զբաղեցուած են բնակարաններուն միայն 40 առ հարիւրը, լաւ կ՛ըլլար, որ շահառուներուն թիւը աւելնար, ըսած է ան:

«Հիմնադրամի յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան առանցքը պիտի ըլլայ այս բազմաբնակարան շէնքի կառուցումը», ըսած է Թաթուլ Յարութիւնեան: 14 յարկանի այս շէնքը պիտի ունենայ 78 բնակարան: Առաջին յարկին վրայ պիտի ըլլան նաեւ առեւտրական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ եւ կայանատեղ: Շատ կարեւոր ընկերային ծրագիր է` կ՛ըսեն նախաձեռնութեան անդամները: Բնակարանները շահառուներուն կը յանձնուին ներքին բոլոր յարմարութիւններով եւ շուկայէն աւելի ցած գիներով: Շինարարները եւ հիմնադրամի անդամները կը խոստանան` եթէ ամէն ինչ բարեյաջող ընթանայ, աշխատանքը կ՛աւարտեն համաձայնագիրով նախատեսուած ժամկէտին, այսինքն` 24 ամիսէն:

 

Share this Article
CATEGORIES