Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. «Ֆարհաթ» Հրապարակը Կրկին Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հին Հալէպի շրջանը ինչպէս միշտ բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռներու արձակման կեդրոն կը մնայ: Հետեւաբար, այդ շրջանը գտնուող Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ անոր մօտ այլ շրջաններ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու:
Արդարեւ, երէկ` երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան 8:15-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ ոսկերիչներու շուկան` «Ֆարհաթ» հրապարակը:
Մեծ տակառէ պատրաստուած հրթիռը ինկաւ եւ պայթեցաւ շէնքի մը վրայ, որուն վերջին յարկը հայու բնակարան է, իսկ մնացեալը` հայ ոսկերիչներու գործարան: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
Նշենք, որ պայթումին պատճառով վնասուեցան շէնքին շրջակայքը գտնուող Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, հրապարակը գտնուող եկեղեցիները, բնակարաններն ու խանութները: Յայտնենք նաեւ, որ շրջանը արդէն բնակութենէ ոչ ամբողջականօրէն ամայացած է, մեծ թիւով հայեր աւելի ապահով շրջաններ տեղափոխուած են:

