Նախագահ Սարգսեան Ստորագրեց Սահմանամերձ Գիւղերը Տուրքերէ Ազատ Կացուցելու Մասին Օրինագիծը

1209Pr-SargsianՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրած է «Սահմանամերձ գիւղական համայնքներուն մէջ  իրականացուող գործունէութիւնը տուրքերէ  ազատ կացուցելու մասին» օրէնքը: Այս մասին տեղեկացուց նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը:

Հայաստանի Ազգային ժողովը սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ եւ ընկերային  աջակցութիւն տրամադրելու մասին օրէնքներու  նախագիծերը  ամբողջութեամբ ընդունած  էր 20 նոյեմբերին:

Ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու մասին օրէնքի նախագիծով կառավարութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկայ տարուընէ մասամբ հատուցել 31 համայնքներու տեղական  ծախսերը` կազի, ելեկտրականութեան, ոռոգման ջուրի վարձքերը, հողի եւ գոյքի հարկերը` ամբողջութեամբ: Իսկ կազ չօգտագործողները օգտագործողներուն տրուող հատուցման չափով գումար պիտի ստանան: Զինուորական գործողութիւններու պատճառով օթեւանէ զրկուած բնակիչներուն ամսուան մը ընթացքին նոյն համայնքին մէջ տուն պիտի տրամադրուի, վիրաւորուելու պարագային` պետական միջոցներով բուժում, զոհուածներու  ընտանիքներուն օգնութիւն` յուղարկաւորութեան ծախսերը հոգալու համար:

Կառավարութիւնը  «Սահմանամերձ գիւղական համայնքներու մէջ իրականացուող գործունէութիւնը հարկերէ ազատ կացուցելու մասին» օրէնքով առաջարկած էր հարկերէ  ազատ կացուցել սահմանամերձ համայնքներուն մէջ  գործարարութեամբ զբաղողները: Այդ նախաձեռնութիւնը որոշ պատգամաւորներ խստագոյն քննադատութեան ենթարկեցին: Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, բնակիչներուն ուղղակի  օգնութիւն տրամադրելու` օրինակ, կազի եւ  ելեկտրական հոսանքի վճարումը հատուցելու փոխարէն, այս օրինագիծով հարկերէ ազատ կը  կացուցուին կրպակները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES