Ազրպէյճանի Մէջ Կը Շարունակեն Խաբել Ժողովուրդը

1209Azerbaijan's-defence-ministryԱզրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է  հաղորդագրութիւն մը, թէ հայկական կողմը երկուշաբթի երեկոյեան «ներթափանցումի գործողութեան փորձ կատարած է» ռազմաճակատի հարաւային հատուածին մէջ: Այդ մասին կը յայտնէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:   Ազրպէյճանական կողմը  նոյնիսկ  նշած է , որ հայկական ուժերը ետ շպրտուած են` կրելով մեծ կորուստներ:

Ըստ «Երկիր»-ի, փաստօրէն, Ազրպէյճան հաւատարիմ  է ապատեղեկատուական միջոցներով իր ժողովուրդը խաբելու  քաղաքականութեան` փորձելով պահել իր կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցումի գործողութեան ժամանակ արձանագրուած զոհերը, որոնք, ըստ որոշ տուեալներու, 5-7-ն են:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES