Մինասեան. «Կեդրոնական Դրամատունը Կը Փորձէ Շուկայէն Վերացնել Խուճապային Տրամադրութիւնները»
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, մեկնաբանելով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը, որ իւրաքանչիւր օր սակարկութեան միջոցով պիտի իրականացուի օտար դրամանիշերու վաճառք` նախապէս հրապարակած առաւելագոյն քանակով, ըսաւ. «Ատով Կեդրոնական դրամատունը կ՛ուզէ ըսել, որ պէտք չէ խուճապի մատնուիլ, մենք ունինք անհրաժեշտ պաշարները եւ կրնանք ապահովել օտար դրամանիշերու պահանջը, որպէսզի տատանումները կտրուկ չըլլան»:
Ըստ Մինասեանի, Կեդրոնական դրամատունը ատիկա կ՛ընէ, որպէսզի շուկայէն հանէ խուճապային տրամադրութիւնները եւ վարկածային նկատառումները:
«Անոնք, որոնք խուճապային տրամադրութիւններով օտար դրամանիշ ձեռք կը բերեն, կրնան հետագային նաեւ վնասներ կրել օտար դրամանիշերու արժէքի նուազեցման պատճառով», աւելցուցած է Մինասեան:

Արթուր Ջաւադեան
«Յառաջիկային Դրամի Փոխարժէքի
Տատանումները «Չնչին Պիտի Ըլլան»
Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաւաստեց, որ Հայաստանի արժութային շուկան դուրս եկած է անակնկալ ցնցումէն, եւ թէ յառաջիկային դրամի փոխարժէքի տատանումները «չնչին պիտի ըլլան»:

