ՀՅԴ Հայ Դատի Հանդիպում` Սիրիզա Կուսակցութեան Երեսփոխան Նանտիա Վալավանիի Հետ
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արթօ Շեմմաս, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցան ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու` երեսփոխան Նանտիա Վալավանիի հետ: Տիկին Վալավանի մաս կը կազմէ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Յունաստանի պատուիրակութեան:
Հանդիպման հիմնական օրակարգը Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ 2014-ի սեպտեմբերին տրուած որոշումն էր` Արցախի հարցին շուրջ զեկուցաբեր նշանակելու մասին, ուր խօսք կ՛ըլլար «Լեռնային Ղարաբաղի եւ այլ գրաւեալ հողերու մասին»: Ծանօթ է որ այս որոշման յանգելու հիմնական դերակատարներէն էր յոյն երեսփոխան Տորա Պաքոյանի, որ տուեալ առաջարկի նախագիծին մէջ յաջողած էր ստորագրութիւններ ապահովել նաեւ յոյն երեսփոխաններէ, որոնց շարքին էին ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան երեք երեսփոխաններ:
Սակայն երբ վերջնական որոշման գրութիւնը քուէարկութեան դրուեցաւ, բոլոր կուսակցութիւններուն պատկանող երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ հայկական պատուիրակութեան առաջարկին, որպէսզի հարցը քննուի դիտարկումի յանձնախումբին եւ ոչ թէ քաղաքական յանձնախումբին կողմէ, նկատի առնելով, որ գրութեան մէջ նշուող հարցերը անհիմն էին:
Վալավանիի հետ հանդիպման ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը լայն կերպով ներկայացուց Արցախի հարցին էութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ վերջին ամիսներուն Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի սահմանային գօտիներու տարածքին լարուածութեան ստեղծման քայլերուն, որոնց շարքին ամէնէն ծանր միջադէպը հայկական ուղղաթիռին դէմ յարձակումն էր հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին: Նշուեցաւ նաեւ հայկական պատուիրակութեան հետ ապագային աւելի սերտ եւ անմիջական գործակցութիւն ունենալու կարելիութիւնը:
Վալավանի շեշտեց, թէ իրենց ստորագրած գրութիւնը բոլորովին տարբեր էր այդ գրութենէն, որ ներկայացուեցաւ քուէարկութեան` վեհաժողովի լիագումար նիստին մէջ: Երբ իրենք նկատեցին փոփոխութիւնը, որոշեցին անմիջապէս դիմել վեհաժողովի նախագահութեան` բողոքելով եւ շեշտելով իրենց ընդդիմութիւնը եղած ոտնձգութեան դէմ: Նամակը ստորագրուեցաւ երեսփոխաններ Եոաննիս Տրաղասաքիսի, Նանտիա Վալավանիի եւ Վասիլիքի Քաթրիվանուի կողմէ:
Ապա սեպտեմբերի նիստին Քաթրիվանու ելոյթ ունենալով անգամ մը եւս շեշտեց իրենց կուսակցութեան ընդդիմութիւնը տրուելիք որոշումին առնչութեամբ: Վալավանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն տրամադրեց հարցին կապակցուած փաստաթուղթերը:
Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ յառաջիկային դարձեալ հանդիպիլ ու քննարկել աւելի ընդհանրական հարցեր:

