Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ուրուկուէյի Փոխնախագահը

Ասթորի եւ նախագահ Սարգսեան

Ասթորի եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ուրուկուէյի փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ  Ասթորին:

Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ամէնէն ջերմ զգացումներով կը յիշէ իր պետական այցելութիւնը  Ուրուկուէյ եւ  հանդիպումը նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ, եւ  խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել վերջինիս, իսկ նորընտիր նախագահ Թապարէ Վասքեզին` իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները: Սարգսեան ընդգծած է, որ այդ այցելութեան ընթացքին անգամ մը եւս համոզուած է, որ Ուրուկուէյի մէջ  ինչպիսի՛ յարգալից վերաբերմունք կայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին  նկատմամբ եւ անկեղծ ցանկութիւն` բոլոր մարզերու մէջ միջպետական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը զարգացնելու:

Ասթորի նշած է, որ իր երկրի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան բոլոր շերտերուն մէջ  Հայաստանի նկատմամբ բարեկամական ջերմ վերաբերմունքը ամուր հիմքեր ունի:

Հայաստանի նախագահը անգամ մը եւս  երախտագիտութիւն յայտնած է Ուրուկուէյի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ տակաւին 1965 թուականին ունեցած անգնահատելի ներդրումին  համար` ընդգծելով, որ այդպիսով սկիզբ դրուած է այդ ոճրագործութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին: Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, միայն օրեր առաջ հարաւային ամերիկեան այլ երկրի մը` Պոլիվիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կու գայ անգամ մը եւս ապացուցելու, որ երբ խօսքը նոյն արժէքներուն  վրայ հիմնուած բարեկամութեան մասին է, ոչինչ ի զօրու է խաթարելու ատիկա:

Նախագահը բարձր գնահատած է ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ Ուրուկուէյի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են  Հայաստան – Ուրուկուէյ տնտեսական գործակցութիւնը ընդարձակելու եւ զարգացնելու կարելիութիւնները:

Տանիլօ Ասթորի երէկ  նաեւ տեսակցած է  վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES