Թենիս. Տիոքովիչ Կ՛երազէ Յաղթել Ռոլան Կարոսը
Սերպ թենիսմեն Նովաք Տիոքովիչ մտադիր է յառաջիկայ տարի Ռոլան Կարոսի ախոյեան դառնալ:
Ան իր խօսքերուն մէջ ըսաւ. «Ես քանի մը անգամ արդէն շատ մօտ եղած եմ շահելու Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը, սակայն միշտ ինծի արգելք եղած է Ռաֆայէլ Նատալ: Ես կը շարունակեմ պայքարիլ իր դէմ մինչեւ որ վերջապէս շահիմ Ռոլան Կարոսը»:
Ան աւելցուց ըսելով. «Ներկայիս, հողային տարածքի արքայ կոչումը կը կրէ Ռաֆայէլ Նատալ, սակայն ես բոլոր ուժերս պիտի գործածեմ, որ գահընկէց ընեմ զայն եւ շահիմ Ռոլան Կարոսը»:
Նշենք, որ Տիոքովիչի խօսքերը մէջբերուեցան ֆրանսական ԱՖՓ լրատու գործակալութեան կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

