Աճուրդի Դրուած Կոցէի Կօշիկը Ծախուած Է Երկու Միլիոն Եւրոյի
Գերմանիոյ եւ Պայէրն Միւնիխի կիսապաշտպան Մարիօ Կոցէ` աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական խաղին նշանակած իր կոլին կօշիկները աճուրդի դրած էր, եւ անոնք ծախուեցան 2 միլիոն եւրոյի:
Ան այս դրամը պիտի յատկացնէ բարեսիրական եւ բարեգործական նպատակներու:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Այս գումարը ուղղակիօրէն անհաւատալի է, ես երբեք չէի երեւակայեր, որ կօշիկը այդքան սուղ վաճառուի»:
Նշենք, որ Կոցէի խօսքերը մէջբերուեցան գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

