Լուրեր Ճատրակի Աշխարհէն
Ղազախստանի Պավլոտար քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին նաեւ հայազգի մարզիկներ:
Կրանտմասթըր` Զաւէն Անդրէասեան 8 հանգրուանէ ետք կրցաւ հաւաքել առաւելագոյնը 8 կէտերէ 6-ը եւ այժմ ընդհանուր դասաւորման մէջ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը: Միւս կողմէ, միջազգային վարպետ Վահէ Պաղտասարեան ունի միայն 5 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուս կրանտմասթըր` Սերկէյ Վոլկով, որ հաւասարելով վերջին խաղին, առաւելագոյնը 8 կէտերէն կրցած է հաւաքել 7,5 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

