«Էն. Պի. Էյ.»-ի Շաբթուան Լաւագոյն Խաղացողները

1209_NBAԱրդէն իսկ յստակ են «Էն. Պի. Էյ.»-ի անցեալ շաբթուան լաւագոյն երկու խաղացողներուն անունները: Թորոնթօ Ռեփթըրզի մարզիկ Քայըլ Լաուրի եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի մարզիկ Լամարքուս Ալտրիճ նախորդ շաբթուան տուեալներուն հիման վրայ լաւագոյն երկու մարզիկները զատուեցան: Անոնք յաջորդաբար կը ներկայացնեն Արեւելեան եւ Արեւմտեան գօտիները:

Վերջին եօթը օրերուն ընթացքին Թորոնթօ 3 խաղերու ընթացքին արձանագրեց 2 յաղթանակներ. Լաուրի միջին հաշուով նշանակեց 29,3 կէտ եւ կատարեց 8,7 արդիւնաւէտ փոխանցումներ:

Միւս կողմէ, Փորթլենտ իր վերջին երեք խաղերուն բոլորին ալ յաղթական դուրս եկաւ. Ալտրիճ միջին հաշուով նշանակեց 27 կէտ եւ կատարեց 11,7 արդիւնաւէտ փոխանցումներ:

Share this Article
CATEGORIES