Լուիս Հեմիլթըն` «Օթոսփորթ»-ի Տարուան Լաւագոյն Վարորդը
«Ֆորմիւլա 1»-ի ընթացիկ մրցաշրջանի անգլիացի ախոյեան Լուիս Հեմիլթըն «Օթոսփորթ»-ի տարուան լաւագոյն վարորդի տիտղոսը շահեցաւ:
Մերսետեսի 29-ամեայ վարորդը, բացի այս մրցանակէն, շահեցաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ տարուան լաւագոյն վարորդի մրցանակը:
Հեմիլթն իր խօսքին մէջ յայտարարեց. «Այս մրցանակը ինծի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ախոյեանութեանս, ես այդ մէկը աւելի արժէքաւոր կը նկատեմ, քան առաջինը: Ես միշտ ձգտած եմ նմանիլ Այրթոն Սենայի եւ շահիլ բազմաթիւ ախոյեանութիւններ: Այս տարուան յաղթանակը զիս աւելի պիտի ոգեւորէ, որ շարունակեմ լաւ ընթացքս»:
Նշենք, որ Հեմիլթընի խօսքերը մէջբերուեցան «Օթոսփորթ»-ի կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

