Յովսէփ Գափլանեան Կը Տիրանայ «Լաւագոյն Դերասան»-ի Տիտղոսին

1211_paradon9-16 նոյեմբերին Էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ  8-րդ «Էն. Տի. Եու.  Միջազգային շարժապատկերի փառատօն»-ը` մասնակցութեամբ լիբանանեան (NDU, USEK, ALBA, LAU, AUST) եւ օտար (Գերմանիա, Փարիզ, Իտալիա, Դանիա, Եգիպտոս, Աւստրիա, Սուրիա, Իրաք, Անգլիա, Սէուտական Արաբիա, Թունուզ, Թեհրան)  համալսարաններու: Մէկ շաբթուան ընթացքին ներկայացուեցան աւելի քան 85 ժապաւէններ: Սոյն փառատօնին «Հրամմեցէք» ժապաւէնով` բեմադրութեամբ` Թոնի Փարթամեանի, օգնական բեմադրիչ` Հրայր Գալեմքերեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի վաստակաւոր դերասաններ եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի  անդամներ` Յովսէփ Գափլանեանն ու Մարի Ռոզ Մանուկեանը:

 

1211_Hrametsek

16 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ դատական կազմի 23 անդամներու,

որոնցմէ նշենք Էմիլ Շահին, Նատին Լապաքէ Ժորժ Խապպազ, Թաքլա Շամուն, Գարմէն Լապաքէ, եւ այլ անձնաւորութիւններ: Հանդիսութեան ընթացքին «Լաւագոյն դերասան»-ի տիտղոսին արժանացաւ Յովսէփ Գափլանեան, որ ստացաւ համապատասխան վկայագիր, իսկ բեմադրիչ Թոնի Փարթամեանի յանձնուեցաւ պատուոյ վկայագիր:

Յովսէփ Գափլանեան

Յովսէփ Գափլանեան

15 վայրկեան տեւողութեամբ «Հրամմեցէք» ժապաւէնի նկարահանումը տեւած է 2 օր: Նիւթը կը վերաբերի  ամոլի մը, որ Նոր տարուան գիշերը զբաղած են ճաշի պատրաստութեամբ եւ սեղան շտկելով, որովհետեւ պիտի հիւրընկալեն իրենց զաւակներն ու հարազատները: Սակայն կէս գիշեր կ՛ըլլայ, եւ ոչ ոք կը յայտնուի: Զոյգ դերասանները լաւագոյնս մարմնաւորեցին իրենց կերպարները` արժանանալով հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին:

Պարգեւատրեալ դերասան` Յովսէփ Գափլանեան յայտնեց, որ իր այս յաջողութիւնը կը պարտի վաստակաշատ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի: Ան յայտնեց, որ սոյն վկայականը կը նուիրէ անոր: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնեց, որ այս պարգեւատրումը բարի նախանձ արթնցնէ գաղութի մէջ գործող դերասաններուն մօտ, որպէսզի իրենք եւս իրենց մասնակցութիւնը բերեն նմանօրինակ փառատօններու, որպէսզի հայութեան անունը բարձր պահեն եւ ճանչցնեն աշխարհի տարածքին:

Արդարեւ, բոլորովին օտար շրջանակի մէջ եւ ոչ-հայ դատական կազմի ներկայութեամբ նման տիտղոսի տիրանալը` պատիւ եւ հպարտանք է ո՛չ միայն «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, այլ նաեւ համայն հայութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Vicken Tarpinian 9 years

    Hovsep,
    Siréli, harkéli, garodali Hovsep, medérim “Yousouf”, arjani eyir shadonts yév ounéyir artén mér sérn ou kenahadank_e…
    Tadron’67… Vicken Tarpinian

  • Disqus ( )