Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում

Նոր Ջուղա

1126_124-amiagՆոյեմբեր 26-ին, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրման 124-ամեակը: Խօսքեր արտասանեցին` «Թադէոս Թադէոսեան» պատանեկան միութեան անդամ Լուսին Մինասեան, «Ռուբէն» երիտասարդական միութենէն Լալագէ Իսաղուլեան, հասարակական ու ազգային գործիչ Վրէժ Շիրւանեան եւ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան:

Այնուհետեւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Արթին Քէշիշեան եւ Րաֆֆի Խուդաբախշեան` ընկերակցութեամբ «Անի» նուագախումբին:

Քուէյթ

1115_amyagՀովանաւորութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանի եւ կազմակերպութեամբ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական միութեան (ՔՔԵՄ), 15 նոյեմբերին «Քաշշաֆա» թատերասրահին  մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս` նուիրուած ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 124-ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՔՔԵՄ-ի անդամ Ժանօ Քեթենճեանը, որ ներկայացուց ՀՅԴ-ի ազգային ու յեղափոխական դերը հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քուէյթի Հայ դատի ներկայացուցիչ Յակոբ Էմրազեան, բարձրօրէն գնահատելով ՀՅԴ-ի դերը հայ ժողովուրդի անցեալին ու ներկային մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած երգիչ Քրիստափոր Արապեան եւ լիբանանահայ երաժիշտ, երգեհոնահար Խաչիկ Մալխասեան:

 

Քուէյթ

Կաթողիկոսական Փոխանորդին
Այցելութիւնները

1123_KuwaitՆոյեմբեր 23-ին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը,  այցելեց Քուէյթի Կարմիր մահիկի կազմակերպութեան կեդրոնը:

Կարմիր մահիկի տնօրէն Տոքթ. Հիլալ Սայէր ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Քուէյթի տարած մարդասիրական օժանդակութիւնները աշխարհի զանազան երկիրներու տարածքին, յատկապէս վերջին երկու տարուան ընթացքին` սուրիացիներու գաղթակայաններուն մէջ Քուէյթի յատուկ օժանդակութիւններուն մասին:

Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան ամփոփ ձեւով պատմականը ըրաւ Քուէյթի հայ համայնքին, Ազգային վարժարանի եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մասին: Տոքթ. Հիլալ նշեց, որ Քուէյթի մէջ հայութեան մասին իրենց տեղեկութիւնները միշտ ալ դրական եղած են, ապա իր աջակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց հայ համայնքի կարիքներուն: Հայր սուրբը Հիլալիին նուիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսին անգլերէնով լոյս տեսած  «Իշուզ էնտ Փրսփեքթիվզ» վերջին գիրքը, ուր վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ անդրադարձած է, կրօններու երկխօսութեան եւ ժողովուրդներու համակեցութեան մասին:

Այնուհետեւ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան այցելեց Քուէյթի նախկին վարչապետ շէյխ Նասեր Մոհամմատ Ահմատ Ժապեր Սապահի: Ան խօսեցաւ Քուէյթի հայ համայնքի, Ազգ. վարժարանի ու եկեղեցւոյ ներկայ պայմաններուն եւ դժուարութիւններուն մասին: Շէյխ Նասեր յատուկ թելադրանքներ տուաւ` գնահատելով հայ համայնքին ներկայութիւնը Քուէյթի մէջ: Հայր սուրբը անոր նոյնպէս նուիրեց «Իշուզ էնտ Փրսփեքթիվզ» գիրքը:

 

Փարիզ

Խաչքարի Եւ Եզակի Ցուցահանդէսի Մը
Բացումը

Շաբաթ, նոյեմբեր 22-ին, փարիզեան Սեւր արուարձանի Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի եւ Շաւիլի եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով` տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ զետեղուած խաչքարին բացումը, որ հանդիսացաւ նաեւ, ձեւով մը, «Սեւր-2015» նախագիծին խորհրդանշական հիմնարկէքը:

Շաւիլի եկեղեցւոյ կրօնական ընկերակցութեան անունով  Հրայր Հրաչեան բացատրեց, թէ ծանօթ նկարիչ Էտկար Շահինի տղան` Փիեռ Շահին, սոյն խաչքարը նուիրած էր Շաւիլի եկեղեցւոյ, եւ եկեղեցին ալ արդէն ունենալով խաչքար մը` իր կարգին զայն նուիրած էր Սեւրի վարժարանին:

Փիեռ Շահին այդ խաչքարը պատրաստած էր 1997-ին, իր հօր մահուան 50-ամեակին առթիւ:

Ապա ներկաները այցելեցին վարժարանին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէս-վաճառքը, ուր ներկայացուած էին Էտկար Շահինի եւ Տիգրան Փոլատի փորագրանկարները, ինչպէս նաեւ Փոլատի աւելի մեծ չափով պատկերազարդումներու շարքով պատրաստուած «Յիսուսի խաչի Ճամբուն 14 կայանները» ալպոմը:

 

Յունաստան

Ատիկէի Նահանգապետը Եւ Վիրոնայի Քաղաքապետը
Այցելեցին Քարէայի «Ազատամարտ» Ակումբը

1115_hohitaՀՅԴ Աթէնքի «Գաբրիէլ Լազեան» կոմիտէին հրաւէրով, 18 նոյեմբերին Ատիկէի նահանգապետ Ռենա Տուրուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Քարէայի «Ազատամարտ» ակումբ:

«Գաբրիէլ Լազեան» կոմիտէի անունով Յովհաննէս Ղազարեան խօսեցաւ հայ եւ յոյն բարեկամական կապերու մասին անդրադառնալով շրջանի մէջ հաստատուած հայութեան իրավիճակին գաղթականութեան առաջին տարիներուն: Ան խօսեցաւ նաեւ  շրջանի մէջ միութենական աշխատանքին եւ ծաւալած գործունէութեան մասին:

ՀՅԴ Յունաստանի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան ներկայացուց Հայ դատի եւ համահայկական նպատակներու հարցերը` այս բոլորին մէջ նշելով յունահայ գաղութին դերակատարութիւնը եւ գործունէութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն:

Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկաւ նահանգապետ Ռենա Տուրու, որ յայտնեց, թէ քաջատեղեակ է հայութեան պատմութեան եւ ծանօթ ու սիրահար է հայկական մշակոյթին: Խօսեցաւ Ատիկէի նահանգապետութեան հովանաւորութեամբ ամէն տարի կազմակերպուող ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներու մասին` հաստատելով իր զօրակցութեան եւ գործնական ձեւով հայութեան աջակցելու իր նպատակը: Ան շեշտեց, թէ մարդիկ երբեք պէտք չէ մոռնան իրենց պատմութիւնը, այլ պահպանեն իւրայատկութիւնը եւ մշակութային յատկանիշները:

Վիրոնայի քաղաքապետ Աքիս Քաթոփոտիս խօսք առնելով` անդրադարձաւ շրջանին մէջ քաղաքապետութեան յառաջիկայ գործունէութեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Օծում Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Գաւիթի Դրան
Ապակենկարի Եւ Երեք Սրբապատկերներու

1123_odzoumՆոյեմբեր 23-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագի աւարտին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան օծեց գաւիթի նոր դրան խաչի ապակենկարն ու եկեղեցւոյ երեք սրբապատկերները:

Օծման արարողութեան աւարտին` ան իր հայրական պատգամը ուղղելով ժողովուրդին` անդրադարձաւ Ս. Էջմիածնի մէջ Հայ եկեղեցւոյ զոյգ հայրապետներուն նախագահութեամբ կայացած Հայց. Առաք. Ս. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հայ ազգը եւ Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցին յուզող հարցերը, յատկապէս` վերատեսութեան ենթարկուած Ս. մկրտութեան եւ դրոշմի արարողակարգը, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով մեր նահատակներուն հաւաքական սրբադասման եւ այլ հարցերը:

Այնուհետեւ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Արժանթին

Հայկական Փառատօն

Նոյեմբեր 29-ին, Պուէնոս Այրեսի Պելկրանօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Պուէնոս Այրեսը կը տօնախմբէ Հայաստանը» թեմայով հայկական փառատօն, որուն այցելուներուն թիւը հասաւ աւելի քան հինգ հազարի:

Տաղաւարներուն ընդմէջէն այցելուները ծանօթացան հին հայկական պատմութեան եւ մշակոյթին, համտեսեցին  հայկական ուտելիքները: Ներկայացուեցան նաեւ հայկական պարեր:

Հիւկօ Գույումճեան նկատել տուաւ, որ ներկայացուած արուեստը եւ մշակոյթը նոյնն էր, ինչ որ 100 տարի առաջ թուրքը ուզեց ոչնչացնել: Այս առիթով այցելուներուն բաժնուեցան փոքրիկ ծաղկեկողովներ «Զիս մի՛ մոռնար» ծաղիկով, որ կը խորհրդանշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

 

Քանատա

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի
50-
րդ Յոբելեան

Toronto_zavarianՎերջերս Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին 50-ամեակը:

Օրուան հանդիսավար Լուսին Մովսէսեան բացատրեց, որ երեկոյի ընթացքին պիտի ներկայացուին մասնաճիւղին անցեալը, ներկան ու ապագան: Ապա ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղին գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Զանի Բորբոսեան, որ հաստատեց, թէ ձուլող եւ օտարացնող այդ քաղաքին մէջ, ուր հայախօսութիւնը տեղի կու տայ եւ հայկական աւանդութիւնները կը նահանջեն, մասնաճիւղը կրցաւ կէս դար ապրիլ ու  տակաւին պիտի գոյատեւէ: Այս 50-ամեայ երթը ան համարեց իսկական հերոսութիւն եւ ազգային հպարտանք:

ՀՅԴ,  «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան անդամ Մհեր Գարաճեան փոխանցեց ՔԵՄ-էն իր ակնկալութիւնները, որով ՔԵՄ-ական ըլլալը կը նշանակէ Հայ դատին համար նուիրուած ըլլալ: Ան յոյս յայտնեց, որ նոր սերունդին աւելի մանրամասն բացատրուի ՀՅԴ-ի ներկայ գործունէութիւնը, որպէսզի անոնք շարունակեն նպաստել Հայ դատին: Նայիրի Շարապխանեան հետաքրքրական մօտեցումով ներկայացուց ամչկոտ ու անփորձ պատանիի մը ուղին` ՔԵՄ-ի անդամակցութեան իր առաջին օրէն մինչեւ ներկայ ժամանակ:                                                    Մասնաճիւղէն շրջանաւարտ Յարութ Մանուկեան ներկայացուց իր յուշերը:

ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Ռազմիկ Չաքմաքեան, որ մասնաճիւղի հիմնադրութեան հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք յայտնեց, որ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը 50 տարիներ շարունակ յաջողութիւն ապահոված է միութեան աշխատանքներուն նաեւ եղած է խրախուսիչ ուժը Թորոնթոյի հայ գաղութին:

Աւարտին, ներկաները այցելեցին ՔԵՄ-ի սենեակ, ուր ցուցադրուած էր մասնաճիւղի  յիսուն տարիներու գործունէութիւնը:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Չեխիա

«Օրեր» Ամսագրի 15-Ամեակի Նշում

1114_orerՆոյեմբեր 14-ին Փրակայի քաղաքային գրադարանի սրահին մէջ նշուեցաւ «Օրեր» եւրոպական ամսագրի 15-ամԵակը:

Ամսագրի կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեան ներկայացուց ամսագրին պատմականը: Ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատուրեան անդրադարձաւ ամսագրին իրակնացուցած եւ ապագայ ծրագիրներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարակութեան հետ իրականացուելիք նոր նախագիծին:

Խօսք առին նաեւ` Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վրդ. Փիլաւճեան, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի մէջ Չեխիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Պետր Միկիսկան: Հայաստանի դեսպանը «Օրեր»-ու գլխաւոր խմբագիրին յանձնեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ տրուած «Մայրենիի դեսպան» մետալը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Յակոբ Ասատուրեանին յանձնեց նախարարութեան պատուոյ գիրը եւ «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետալը` հայ մշակոյթը արտերկրի մէջ տարածելուն եւ  հայապահպանման զարգացման գործին մէջ ունեցած զգալի աւանդին համար:

Կարլի համալսարանի երգչախումբի եւ նուագախմբի գլխաւոր ղեկավար Հայկ Ութիճեան խօսեցաւ ամսագիրի հայապահպան նշանակութեան մասին` «Միւզիքա պոէտիքա» երգչախումբի հետ կատարելով հայ հոգեւոր երգեր:  Խօսելով Հայկ Ութիճեանի կատարած երաժշտական եւ հայագիտական լայն աշխատանքի մասին` Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի յանձնեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Մոսկուա

Արցախի Զարգացման Նուիրուած Ֆորում

Moscow_forumՎերջերս Մոսկուայի «Ռումս» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու եւ գործարար շրջանակներու ֆորում` Ղարաբաղի նկատմամբ նոր ալիքի ձեւաւորման հզօր ազդակ դառնալու նպատակով:

ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան հանդէս եկաւ «Արցախի ներդրումային հնարաւորութիւնները եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարները. ծրագրեր եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ» զեկուցումով: Ան նկարագրեց, թէ ի՛նչ բարդ իրավիճակի մէջ հարկադրուած է աշխատելու Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը եւ բնակչութիւնը: Պատերազմի վերսկսման մնայուն վտանգը ի վիճակի չէ կանգնեցնելու տնտեսութեան աճը, ինչ որ կը հանդիսանայ Ղարաբաղի իրական անկախութեան առարկայական հիմքը:

Արթուր Աղաբեկեան յայտնեց, թէ  28  դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ազգային վիճակախաղին երկրորդ խաղարկութիւնը: Անցեալ տարուան մէջ վիճակախաղի միջոցներով կարելի եղաւ Իշխանաձորի մէջ կառուցել տուներ եւ բազմանդամ ընտանիքներու համար ստեղծել նոր աշխատատեղեր:

Ֆորումի կազմակերպիչ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ ԼՂՀ փոխվարչապետի հետ երկխօսութիւնը, ԼՂՀ կառավարութեան ծրագիրներու հետ ծանօթութիւնը ցոյց կու տան, որ կան բազմաթիւ ձեւեր, որոնք թոյլ կու տան իրացնելու այն բարոյական ու հոգեւոր պարտքը, որ իւրաքանչիւր հայ կը զգայ Արցախի նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )