Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Այցելութիւն Շարժա-Տուպայի
Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարան

1206_Ohannessian-SchoolՇաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգային վարժարանի աւելի քան 200 աշակերտները դիմաւորեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին վարժարան այցելութիւնը:

Կաթողիկոսը` շրջապատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբով եւ միաբան հայրերով, ներկայ գտնուեցաւ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած հանդիսութեան: Դպրոցին աշակերտները հայկական երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ոգեւորեցին մթնոլորտը: Հանդիսութեան աւարտին յաջորդաբար խօսք առին դպրոցի տնօրէն Անժէլ Սապայեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Օհաննէսեան վարժարանի ներքին կեանքն ու իրագործումները: Ապա, Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան անդրադարձաւ վարժարանի առաքելութեան, որպէս մեր մատղաշ սերունդի հայակերտումի լծուած կրթական կառոյց Շարժայի ու Տուպայի հայ համայնքի կեանքին մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրական խօսքին մէջ նախ գնահատեց բոլոր ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնած են հայ դպրոցին: Ան նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու խնամակալութեան, վեր առնելով անոնց նուիրումը հայակերտումի առաքելութեան: Ան յատուկ կերպով գնահատեց դպրոցի բարերար տէր եւ տիկին Յարութ Օհաննէսեանը: Կաթողիկոսը ըսաւ, որ մօտէն ճանչնալով բարերարը գիտէ, թէ ան որքան սիրով կապուած է հայ դպրոցին: Շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Յարութ Օհաննէսեան ո՛չ միայն այս դպրոցը շինեց, այլ նաեւ կը շարունակէ ամէն տարի նիւթական կարեւոր ներդրումով զօրավիգ կանգնիլ դպրոցի կրթական աշխատանքներուն: Արամ Ա. իր գնահատանքը յայտնեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին, որ նուիրումով կը կատարէ իրեն վստահուած յոյժ կարեւոր ազգային-եկեղեցական առաքելութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցը կը հանդիսանայ մեր համայնքի կարեւոր սիւներէն մէկը:

Հանդիպում Երիտասարդութեան Հետ

1206_yeridasartԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ 6 դեկտեմբեր 2014-ին Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Շարժա-Տուպայի շրջանի հայ երիտասարդութեան հետ: Հանդիպման ներկայ էին շուրջ հարիւր համալսարանական ու համալսարանաւարտ երիտասարդներ:

Աւելի քան երկու ժամ տեւող խանդավառ ու հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսին ու երիտասարդներուն միջեւ` հայերէն ու անգլերէն լեզուներով: Արամ Ա. կաթողիկոս ներածական իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երկու երեւոյթներ դարձած են տիրական` համաշխարհայնացում եւ ինքնութեան տագնապ: Ան լայնօրէն խօսեցաւ յիշեալ երեւոյթներուն դրական ու ժխտական երեսներուն ու հետեւանքներուն մասին` կատարելով վերլուծումներ ու ընդգծումներ: Ապա, լուսարձակի տակ առաւ անոնց հետեւանքները ազգային կեանքին մէջ` այս ուղղութեամբ պարզելով կարգ մը իրողութիւններ ու մտահոգութիւններ:

Ապա հարցումներ ուղղեցին եւ միտքեր փոխանակեցին երիտասարդները, որոնց հարցումներն ու պարզած մտահոգութիւները առաւելաբար առնչուած էին ներկայ ընկերութիւնը տագնապեցնող ընկերաբարոյական խնդիրներուն, եկեղեցի- երիտասարդութիւն յարաբերութեան, ազգային պահանջատիրութեան ներկայ հանգրուանին եւ սփիւռքի մէջ հայու ինքնութեան պահպանման:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. բարձր գնահատեց զիրենք տագնապեցնող հարցերը յստակօրէն բանաձեւելու ու համարձակօրէն արտայայտելու երիտասարդներուն լրջութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայ երիտասարդը հեռու պէտք է մնայ հարցերուն ու երեւոյթներուն նկատմամբ մակերեսային ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ: Մասնագիտական մօտեցումը ու խոր վերլուծումը պէտք է դառնան մղիչ ուժը հայ երիտասարդին: Ըստ անոր, մեր իրականութեան մէջ գործող բոլոր կառոյցները` սկսեալ եկեղեցիէն, կարիք ունին վերանորոգման: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին պէտք է մասնակից դառնայ հայ երիտասարդը, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հաւաքը վարեց Շարժա-Տուպայ համայնքի մտաւորականներէն Զարեհ Թիւթիւնճեանը:

Նոյն օրը կաթողիկոսը իր շքախումբով ճաշի հիւրը եղաւ Ազգային վարչութեան: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Շարժա-Տուպայի հայութեան առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին:

Այցելութիւն Տուպայի Մէջ
Լիբանանի Հիւպատոսարան

7 դեկտեմբեր 2014-ին Տուպայի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Սամի Նըմէյրը պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ կաթողիկոսին: Հիւպատոսը իր խօսքին մէջ գնահատանքով արտայայտուեցաւ միջազգային շրջանակներու մէջ Արամ Ա.ի ունեցած դերին ի նպաստ Լիբանանի: Ան նաեւ ընդգծեց լիբանանահայութեան կատարած կարեւոր ներդրումը Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ: Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ լիբանանահայութիւնը որպէս Լիբանանը բաղկացնող եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, պիտի շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը այն բոլոր աշխատանքերուն, որոնք կը ձգտին Լիբանանի ներքին համաձայնութեան ամրապնդման եւ Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերու պաշտպանութեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ապու Տապիի
Լիբանանեան Դեսպանատան Մէջ

1208_tesban8 դեկտեմբեր 2014-ին Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ապու Տապիի Լիբանանեան դեսպանատան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան Հասան Սաըտի կողմէ: Կաթողիկոսին կ’ընկերակցէին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Սպահանի Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, միաբան հայրեր, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիպջանեան, Թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը` դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ ի նպաստ հայութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանին համար կաթողիկոսին տարած աշխատանքներուն մասին: Իր կարգին կաթողիկոսը շեշտեց Լիբանանի կարեւորութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ եւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք արաբ ժողովուրդին ու մանաւանդ լիբանանին ցուցաբերած զօրակցութեան` հայ ժողովուրդին ու անոր դատին նկատմամբ:

Այս առիթով կաթողիկոսին ու դեսպանին միջեւ փոխանակուած նուէրներէն ետք, դեսպանը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Արամ Ա.ի:

7 դեկտեմբեր 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Տուպայէն հասնելով Ապու Տապի այցելեց նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ ապա, հանդիպում ունեցաւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ:

Հանդիպում Ապու Տապիի Լիբանանեան
Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

10620402_10153020508217873_1294397162191931747_o-1024x6829 դեկտեմբեր 2014-ի Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ուղղելով Ապու Տապիի մէջ հաստատուած լիբանանեան համայնքի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներուն, կոչ ուղղեց` միասնաբար աշխատելու եւ պահպանելու Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնը արաբական աշխարհին մէջ: Հաւաքը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ: Ներկայ էին լիբանանեան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ տնտեսական ու շինարարական մեծ ծրագիրներ մշակող լիբանանցիներ:

Ընդունելութեան բացման խօսքը կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ: Դեսպանը արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով ներկայացուց կաթողիկոսին կենսագրականը, զայն նկատելով լիբանանեան դատին լաւագոյն դեսպանը արտաքին աշխարհին մէջ:

Ապա, խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս, որուն խօսքը չորս բաժին ունէր: Առաջին բաժինին մէջ, ան իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտին եւ երկրի պատասխանատուներուն` լիբանանեան համայնքին ընծայած իրենց լայն դիւրութիւններուն եւ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց յատուկ հոգածութեան համար:

Երկրորդ բաժինով կաթողիկոսը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի իւրայատկութիւններուն, որոնք կը կազմեն Լիբանանի ինքնութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան յիշեց համայնքներու գոյակցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, Արեւելքի և Արեւմուտքի միջեւ Լիբանանի կամուրջ ըլլալու իրողութիւնը, ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս կատարած մեծ իրագործումները եւ իր ունեցած լայն սփիւռքը:

Իր խօսքի երրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ կարելի չէ անտարբեր մնալ: Այս ուղղութեամբ յիշեցում կատարեց, թէ Լիբանան պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակ քաղաքական ու գաղափարական ուղղութիւններէ: Ուրիշը յարգելով ու անոր հետ գործակցելով հանդերձ, Լիբանան պէտք է կառչած մնայ իր ինքնութեան ու գերագոյն շահերուն: Ան պէտք է ամրապնդէ իր ներքին միասնականութիւնը պահելով հանդերձ համայնքային տարբերութիւնները: Որպէս չէզոք երկիր, Լիբանան պէտք է ինքզինք հեռու պահէ միջազգային ու շրջանային ազդեցութիւններէ: Արամ Ա. յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելը բնականաբար դիւրին չէ, սակայն հրամայական է ամէն գնով պահել Լիբանանի ինքնութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը :

Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, կաթողիկոսը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան: Ան ըսաւ, թէ հայը եւ միւս լիբանանցիները կը սիրեն Լիբանանը, սակայն հայը նաեւ երախտապարտ է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ: Ցեղասպանութենէն ետք, երբ գաղթական հայեր Լիբանան եկան, լիբանանցի ժողովուրդը իր հացը բաժնեց հայութեան հետ: Լիբանան դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան աղբիւրը եւ այսօր ան կը մնայ սփիւռքի հայութեան սիրտը: Վեհափառը ըսաւ, թէ Լիբանան հայութեան ընծայեց վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կարելիութիւնը եւ հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի ծաղկումին ու բարգաւաճումին:

Share this Article
CATEGORIES