Իրավիճակը Հալէպի Մէջ . Ազիզիէ Շրջանի «Զահրա» Շարժապատկերի Սրահին Դիմաց Հրասանդի Մը Պայթումին Պատճառով Վիրաւորուեցաւ Երիտասարդ Հայուհի Մը
«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ` չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրուան մօտ ժամը 12:00-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող Ազիզիէ շրջանին մէջ գտնուող «Զահրա» շարժապատկերի սրահի թաղամասը:
Հրասանդ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ «Զահրա» շարժապատկերի սրահի մայթին վրայ: Հրասանդի պայթումին պատճառով վնասուեցաւ շարժապատկերի սրահի պաշտօնեաներէն երիտասարդ հայուհի մը:
Վիրաւոր հայուհին անմիջապէս տարուեցաւ հիւանդանոց, եւ համապատասխան դարմանումներ կատարուեցան անոր:
CATEGORIES Գաղութային

